Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԹ.)

July 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

Յանուն Սփիւռքահայութեան

Թէօլէօլեան Յարութիւն Քիւրքճեանի «Փորձ Տարա-Գրութեան Մասին» գիրքին հրատարակման առիթով գրած է յօդուած մը, որ մեկնած է «Երկրորդ Հաւասարում Բազմաթիւ Անյայտներով» գրափորձի մէկ միտքէն, որ «հրամայական» մը կը ներկայացնէ: Ի՞նչ է հրամայականը: «Օրակարգ» մը: Անիկա «պէտք է ըլլայ ակունքը մեր նոր գաղափարախօսութեան, այդ նոր տեսութեան, առանց որուն` սփիւռքի մէջ հնչող քաղաքականացման հրաւէրը ապայժմեայ, ժամանակավրէպ բան մը պիտի ըլլայ», մտածած է Թէօլէօլեան:

Քիւրքճեանի գիրքը քաղաքագիտական ձեռնարկ մը չէ, այլ` «ինքնութիւնը փնտռելու փորձ», ինչպէս բացատրած է Գրիգոր Շահինեան: Պիտի ըսէի` հատոր մըն է, որ կը վերաբերի հայ ինքնութեան նոր սահմանումի մը, եւ` անոր այժմէական տեսաբանումին եւ բազմեզր վերակառուցումին: Բայց քանի Թէօլէօլեան իր անդրադարձին առաջնահերթ առարկայ դարձուցած է «Սփիւռքի մէջ հնչող քաղաքականացման հրաւէրը», որ ըմբռնուեցաւ իբրեւ կոչ Հայ դատին սպասաւորութեան, ապա հարկ է հետեւիլ իր մտածումին: Ինք այն հրաւէրը «ժխոր» մը համարած է: Ժխոր մը, որուն համար տեսական կամ գաղափարախօսական հարցը լուծուած է արդէն, եւ ո՛չ նոր տեսութեան կամ նոր գաղափարախօսութեան կարիքը կայ, եւ ո՛չ ալ` ժառանգուածի վերատեսութեան կամ նորոգման: Ուստի պէտք է անցնիլ «գործնականին, արարքին», անոր, «որուն սովէն հիւծած մնաց յետթեհլիրեան սերունդին յաջորդող սփիւռքահայութիւնը մինչեւ 1970-ական թուականներու սկիզբը»:

Կոչը «յանկերգի վերածուելու վտանգին մէջ» տեսած է: Որեւէ կարգախօս, որ անսպառօրէն կը կրկնուի, մանաւանդ երբ հանրային կեանքը սփոփանքի, օրօրուելու, քունի մէջ մտնելու ցանկութեամբ կ՛ապրի (եւ մտաւորականին տեսակէտով, այդպիսին էր եղած 1922-1973 սփիւռքեան կեանքը), անընդունելի յանկերգ մըն է: Իսկ մտաւորականներու կրաւորականութիւնը` աններելի:

Թէօլէօլեան իր այս կեցուածքով չէր ուզած նախատել 1922-1973 «նուիրում»-ով ապրած ու մեռած մարդիկը: Գրած է. «Այդ սերունդին գործած այս կամ այն սխալը կարելի է իբրեւ «յանցանք» մատնանշել, եթէ կրնանք փաստել, որ անոնք կրցածնին չըրին: Սակայն ընդհանրապէս ըրին: Զանազան գրական շարժումներ ու քաղաքական նորութիւններ եւ տարակարծութիւններ, մանաւանդ Փարիզի մէջ (Շահնուր, Շուշանեան, Շաւարշ Միսաքեան, «Մարտկոց»-ական շարժում), կու գան փաստելու, որ հայ յեղափոխական միտքը բոլորովին չէր քնացած»: Անոնց «թափած քրտինքն ու արիւնը» յարգելով հանդերձ, իր սերունդին պարտականութիւնը համարած է «ընել երկու ուրիշ բան»:

Նախ` «փորձել հասկնալ, թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ձախողեցան այս անձերու կամ խմբակներու ամէնէն կարեւոր գործերէն ոմանք»:

Երկրորդ` «մերժել անցեալի մը սրբացումը. չարտօնել, որ «սփիւռքահայութեան անցեալ» պատուանդանին վրայ դրուելիք արձանները… կուռքերու վերածուին»: Այս կէտով իր համակարծութիւնը յայտնած է Քիւրքճեանի, ըստ որուն, Միջին Արեւելքի ամբողջ սերունդ մը տուժած է յետեղեռնեան յաճախ ձախող կռապաշտ մտածելակերպէն:

Թէօլէօլեանի սոյն յօդուածին գրութեան ատեն (70-ականներուն) կար «նոր վտանգ մը»: Այն վտանգը` «քաղաքական արարքի, աքսիոնի պապակ զգացող սերունդ մը» կ՛աճապարէր «չմտածուած կարգախօսի ու պատգամի վերածելու «քաղաքականացում»-ի կոչը»: Անհրաժեշտը, սակայն, ա՛ն չէր: «Քաղաքականացում»-ի կոչը կարիքը ունէր «տեւական վերաքննութեան», կը կարօտէր «զանազան սփիւռքահայերու անձնական յեղափոխական փորձառութեան», որպէսզի այն «վերաքննութիւն»-ը «յաջող ձեւով» եւ «անդադար» կատարուէր:

Ի՞նչ հասկցած է «անձնական յեղափոխական փորձառութիւն»-ով: Օրինակ մը տուած է, եւ անիկա Քիւրքճեանի նկարագրած Փարիզի 1968-ի մայիսեան դէպքին ֆրանսահայ եւ լիբանանահայ տղոց եւ աղջիկներուն յանձնառութեամբ, որ էր անոնց գործնապէս մասնակցութիւնը ուսանողական ցոյցերուն: Այն յանձնառութիւնը հասկցած է որպէս «հայ յեղափոխական անցեալէն» իրենց «վերացականօրէն հասած»-ին անձնապէս իրագործում: «Վերացականօրէն հասած»-ին անոնց «անձնական փորձառութեամբ» իրագործումը միայն «մէկ օրինակ»-ն էր «քաղաքականացում» կոչին «վերանորոգման բազում կարելիութիւններուն»: Այլ օրինակ մըն է` «Փարիզի պատնէշներուն ետեւ սալաքար «ուտող» կամ համալսարանի մէջ ոչ հայ աշխատաւորներու տնտեսական շահերուն մասին իր թեզը պատրաստող ուսանողը կրնայ ծառայել հայութեան ու կը ծառայէ` իր փորձառութեամբ կամ իր տեսութիւններով»:

Հանրային մտքին երկար ժամանակ ընդարմացումը «վերացական եւ խորհրդանշական արտայայտութիւններով» եւ ատոր պատճառով շատ «խոր ծարաւը` գործնականին համար», որեւէ «որոշ արարքներ» խրախուսելը` վտանգ կը ներկայացնէ: Քննազուրկ գաղափարախօսութիւն մը գործնականը կուռք կ՛ընէ եւ «թշնամի է ճշմարիտ, այսինքն` տեսութիւնն ու փրաթիքը զօդող գաղափարախօսութեան»: Տեսականին եւ գործնականին խզումը եւ անմտածում գործնականութիւնը կրնան «լիովին չծառայել» հայութեան շահերուն:

Իսկական քաղաքականացումը նախ «հրաւէր մըն է ամէն հայ մարդու եւ կնոջ որ չբաւականանայ մեր աւանդական մօտեցումներով: Անիկա յաճախ կը քարոզուի` «իբրեւ հայապահպանման հին նպատակին օգտակար եղող մէկ նոր ազդակ: Ճիշդ այնպէս` ինչպէս որ կ՛ըսենք` «մէկ լեզու, մէկ ժողովուրդ, սկսած ենք ըսել` «մէկ քաղաքական նպատակ, մէկ ժողովուրդ»:

Էական հարցումներ. «Ո՞վ պիտի որոշէ, թէ ի՛նչ է այդ քաղաքական նպատակը, ո՞ր անձերը կամ կազմակերպութիւնները պիտի ներկայացնեն հայ ժողովուրդի շահերը եւ այլն»: Բայց ասոնց պատասխանները տալէ առաջ պէտք է զբաղիլ «աւելի առաջնահերթ հարցով մը»: Հարցով, որուն մտահոգութիւնը ունեցած են Քիւրքճեան եւ իր նկարագրած ֆրանսահայը: «Ինչպէ՞ս կրնանք մղել քաղաքական պայքար մը, որ հայ մարդու հետաքրքրութիւնները եւ վերամտածուած (պիտի աւելցնէի` վերամտածուող, վերամտածելի – ԳՔ) հայկական դատի մը պէտքերը չհակադրէ յանուն արդարութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու մղուած ուրիշ պայքարներու: Ո՞րն է այն տեսութիւնը, այն վերլուծումը պատմութեան, ներկային եւ ապագային, որ մեզի պիտի արտօնէ տեսնել մեր յատուկ դերը` համաշխարհային պայքարներուն լծել մեր ուժերը, եթէ որոշենք մինակ չկռուիլ»: Թէօլէօլեանի միտքը այն չէ, թէ «մենք մեր հաւաքական փոքր ուժերը պէտք է ցրուենք ամէն կողմ: Ո՛չ մեր մարդկային ուժերը, ո՛չ մեր տնտեսական կարողութիւնը, եւ ներկայիս գոնէ` ո՛չ իսկ մեր իմացական կարողութիւնները նման տարածում եւ ցրւում կ՛արտօնեն մեզի»: Իր միտքը` կը փափաքի ստեղծումը քաղաքական տեսութեան մը, որ, օրինակ, չի կապկեր «ամերիկեան» կոչուած քաղաքական գիտութիւններուն «նեղ սահմաններ»-ը, այլ կը վերածուի աշխարհիմացութեան մը: Աշխարհիմացութիւն մը, որ «անկարելի» հայապահպանումի մը տեղ` կ՛ընդունի «սփիւռքահայութեան անդադար վերստեղծումի հրամայականը»:

Հայապահպանման այն տեսութիւնը, «որ ձեւաւորեց ու կազմեց թէ՛ «հայեցի» կոչուող դաստիարակութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, թէ՛ ալ ուրիշ բաներ (օրինակ` մեր ժողովուրդի կարծիքը ի՛ր իսկ մասին` իբրեւ յաւիտենական զոհ), (…) մահամերձ է, ու մեր պարտականութիւնն է զայն թաղել յարգանօք եւ անոր տեղ ստեղծել նոր ու բազմակողմանի տեսութիւն մը` խարսխուած թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ համաշխարհային կենցաղներու եւ ապրելակերպի հասկացողութեան վրայ»: Այս տեսութիւնը կարեւոր է, որ ըլլայ առարկայ բանավէճերու եւ հասնի հանրութեան ու անոր սեփականութիւնը դառնայ:

Քաղաքական բիրտ գործնապաշտութիւնը, որ նաեւ պիտի թաթխուէր եղբայրասպան արեան մէջ, պիտի կասեցուէր: Եւ «քաղաքականացում»-ի կոչը պիտի շարունակէր հնչել` «իբրեւ հայապահպանման հին նպատակին օգտակար եղող»: Մինչդեռ իրաւ քաղաքականացումը հայապահպանման նպատակին օգտակար ըլլալէ անդին` տեսութիւն մը ունենալու է:

Եւ յանկարծ կը պոռթկար արցախեան շարժումը. «անկիւնադարձային թուական» հայոց պատմութեան մէջ: Մեծ եղաւ անոր ցնցումը հայութեան կեանքին մէջ: Ցնցումին մեծ ալիքներ պիտի աւելցնէին նաեւ երկրաշարժն ու Ազրպէյճանի ձեռամբ հայերու կոտորածները: Ցնցումին հետ պիտի յայտնուէր հայութեան միակամութիւնը:

Թէօլէօլեան արցախեան շարժումին թուականը անուանած է «հայաշարժ տարի»: Բազմաց հետ ինքն ալ մեծապէս խանդավառուեցաւ` տեսնելով, թէ «հարիւր հազար կարգապահ հայեր կը տողանցեն Ղարաբաղի համար»: Այնուհանդերձ, նաեւ գրեց, թէ «մեծ խանդավառութիւնները մեծ անձկութիւններու միւս երեսակն են»: Ու յիշեց Նախիջեւանի կքիլը: Մտաբերեց, որ Արցախը «կ՛ապրի թուրքին յաւէտ սպառնացող կրունկին տակ»: Ախտանշեց Հայաստանի պարպուիլը: Եւ ցաւագին արձանագրեց. «Եթէ Հայաստանը սփիւռքի արեւն է, սփիւռքը չարաշուք խոստումն է, որ կը ծառանայ սահմանէն անդին» (Սփիւռքազգը/Քայքայում Եւ Կառուցում, 1988): Այս արձանագրութեան «ծառանալ»-ը, իր ժխտական նշանակութեամբ հանդերձ, կրնա՞յ դրական նշանակութիւն մըն ալ ունենալ: Ըստ Թէօլէօլեանի ընդհանուր հայեացքին` վստահաբար:

Այսօր, երբ Արցախի անկումէն ետք սփիւռքի մէջ «յուսախաբութիւնը շատ մեծ է», եւ խաբուածութեան զգացումը անյաղթահարելի կը թուի, Թէօլէօլեան խորապէս գիտէ, որ համբերութիւն է պէտք «ամբողջական հայրենիքի մը վերակերտում»-ին եւ այնտեղ վերադարձի տեսլականին իրականացման համար: Համբերե՛լ` «քանի որ միշտ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է խոստացուած Երկիրը»: Եւ բարձրացնե՛լ միշտ ազգային ինքնագիտակցութեան ու ինքնակազմակերպման մակարդակները: Արդարեւ, «կարողականութիւն մը կայ, որ ուժի կրնայ վերածուիլ»:

Սփիւռքը ընելիք ունի:

 

Նախորդը

Քոչարեան Դատ Բացաւ Փաշինեանին Դէմ` Զրպարտութեան Համար, Իսկ Կարապետեան Դատ Բացաւ Աւելի Քան 150 Անձերու Դէմ

Յաջորդը

«Հայրենիք» Շաբաթաթերթ. «Ցտեսութիւն` Թուղթէ Մամուլին…»

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.