Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

July 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Քուէյթի վարչապետի առաջին տեղակալ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Ֆահտ Եուսեֆ Սէուտ Սուպահը, որ նախագահին փոխանցեց Քուէյթի իշխանին ողջոյնները:

Շէյխ Սուպահ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եկայ բոլոր պայմաններուն մէջ Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին Քուէյթի աջակցութիւնը հաստատելու»:

«Խօսեցանք ապահովական հարցի մասին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մակարդակներու վրայ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւններուն մասին», նշեց ան:

«Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ յարաբերութիւնը ամէնէն սերտն է, եւ մեզ պատմական ու եղբայրական ամուր կապեր կը միացնեն», ըսաւ քուէյթցի նախարարը` նշելով. «Քուէյթի պետութիւնը չի մոռնար տարբեր փուլերու մէջ իրեն աջակցող Լիբանանի կեցուածքները»: «Ներկայ փուլին Լիբանանի կողքին կը կանգնինք, եւ կը մաղթեմ, որ Քուէյթի մէջ լիբանանեան գաղութի անդամներուն թիւը բարձրանայ: Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի` պիտի դիմակայենք այն ամէնը, որ անկայունութեան կը յանգեցնէ», յայտնեց Քուէյթի վարչապետի առաջին տեղակալը:

Քուէյթի ներքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը առատաձեռն եւ ստեղծագործ ժողովուրդ է, եւ Քուէյթի մէջ նուազագոյն խնդիրներ ունեցող գաղութը լիբանանեանն է»:

Քուէյթեան պատուիրակութիւնը կէսօրին այցելեց վարչապետարան, ուր տեղի ունեցան վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Քուէյթի վարչապետի առաջին տեղակալի գլխաւորութեամբ Լիբանան-Քուէյթ բանակցութիւններ:

Բանակցութիւնները կը վերաբերէին Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ յանձնախումբը կեանքի կոչելու կարեւորութեան:

Քուէյթեան կողմը շեշտեց, որ Լիբանանի քուէյթեան օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին, եւ քննարկուեցան տեղական, շրջանային ու միջազգային զարգացումները:

Քուէյթեան պատուիրակութիւնը վարչապետ Սալամի կէսօրուան ճաշի հիւրը եղաւ:

Քուէյթի վարչապետի առաջին տեղակալ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Ֆահտ Եուսեֆ Սէուտ Սուպահ խօսքը լիբանանցիներուն ուղղելով ըսաւ. «Դրական լուր մը կայ, որ մօտ օրէն ձեր նախագահէն պիտի լսէք, եւ ոչ թէ` ինձմէ»:

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Քուէյթի ներքին գործոց նախարարի այցելութեան նպատակը լիբանանեան ապահովական ուժերու կարիք ունեցած օժանդակութիւններու յստակացումն ու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորութիւնը ընդգծելն է:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յաջորդը

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.