Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բադալեան. «Երեւան Ապու Տապիի Հանդիպումը Կը Նկատէ Յաջող, Եւ Կը Հաստատենք, Որ Անիկա Կրնայ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Հետագայ Իրականացման Լուրջ Հիմք Հանդիսանալ»

July 14, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի հանդիպման հիմամբ երկու կողմերը հրապարակած են պաշտօնական, եթէ նկատած էք` նոյնական մամլոյ հաղորդագրութիւններ: Ատկէ դուրս` խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերեալ համաձայնութիւն ըլլալու պարագային հասարակութիւնը այդ մասին պիտի տեղեկացուէր: Այս մասին գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:

«Ինչ կը վերաբերի շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, ապա կը խնդրեմ հիմք ընդունիլ եւ հրապարակել արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի այսօրուան պաշտօնական հրապարակումը, որուն մէջ հերթական անգամ վերահաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը: Ատկէ տարբերող համաձայնութիւն չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Միեւնոյն ժամանակ կը յորդորենք զերծ մնալու ազրպէյճանական մամուլին մէջ կիրարկուող` ոչ վերաբերելի եզրերու մէջբերումէն:

«Կ՛արձանագրենք նաեւ, որ Հայաստանի հանրութիւնը Խաղաղութեան օրակարգի իրագործման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ունեցած պատկերացումներուն ծանօթ է, եւ Ապու Տապիի մէջ արտայայտուած բոլոր դիրքորոշումները կը տեղաւորուին այդ ռազմավարութիւններուն մէջ, ներառեալ շրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման նիւթը, որուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան պատկերացումները արտայայտուած են «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի մէջ:

«Նաեւ անհրաժեշտ կը նկատենք արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնպէս Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը կը նկատէ յաջողած, եւ կը հաստատենք, որ անիկա կրնայ խաղաղութեան հոլովոյթի հետագայ իրականացման լուրջ հիմք հանդիսանալ», գրած է ան:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յաջորդը

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.