Ամերիկացի գործարար եւ միլիառատէր Իլոն Մասք Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային ընտրական յանձնախումբին ներկայացուցած է «Ամերիկա» քաղաքական կուսակցութիւնը արձանագրելու դիմումը:
Համապատասխան փաստաթուղթը տեղադրուած է գործակալութեան կայքին վրայ:
Դիմումին համաձայն, կուսակցութիւնը պիտի կոչուի «Ամերիկա»: Դիմումը ուղարկուած է 6 յուլիսին: Անիկա ներկայիս Դաշնակցային ընտրական յանձնախումբի դիմումներու եւ յայտարարութիւններու արձանագրման մատեանին մէջ նշուած է իբրեւ «չմշակուած»:


