. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ի տարբերութիւն ոմանց կողմէ ներկայացուածին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ Այն Թինէի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած հանդիպումը լաւ եւ դրական էր»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դրական դերակատարութիւն ունի շիի զոյգին մէջ իր գործընկերը համոզելու, որպէսզի դրական ընկալէ լիբանանեան իշխանութիւններուն պահանջը եւ որդեգրէ լուրջ յետհաշուարկ մը, որ զէնքի թղթածրարին մէջ տեսակարար շրջադարձի կը յանգեցնէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին կը յայտնեն. «Ամերիկացի պատուիրակին յուլիսին Լիբանան սպասուող այցելութեան զուգահեռ Լիբանանին քաղաքական նորութիւններով լեցուն երկու շաբաթներ կը սպասեն»:
Լիբանանեան պաշտօնական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան. «Լիբանան կը պահանջէ երաշխիքներ, որոնց շարքին` Իսրայէլի հեռացումն ու գերիներու յանձնումը, որպէսզի Հըզպալլայի զինաթափման յանձնառու դառնայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի` Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելը վճռուած հարց է, եւ անիկա միայն հաշուուած շաբաթներու կամ ամիսներու հարց է: Լիբանանի վրայ մեծ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի Սուրիոյ հետ կամ անկէ կարճ ժամանակ ետք նոյնպիսի համաձայնութեան կնքման ուղղութեամբ ընթանայ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Որեւէ յառաջընթաց չարձանագրելը կը յանգեցնէ վստահութեան խախտման արտաքին աշխարհին, մասնաւորաբար հովանաւոր պետութիւններուն կողմէ, որոնք նպաստեցին վեց ամիս առաջ տեղի ունեցած փոփոխութեան իրադարձութիւններուն»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ 25 յունիսին Սապրա- Շաթիլա գաղթակայանին մէջ թմրեցուցիչի առեւտուրի աւազակախումբերու միջեւ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած զինեալ բախումէն ետք, բանակի գաղտնի սպասարկութենէն ուժ մը Նապաթիէի Զպտին գիւղին մէջ ներխուժումներ կատարելով ձերբակալեց Լիբանանի երկու քաղաքացիներ եւ պաղեստինցի մը:
Բանակը գրաւած է մեծ քանակով թմրեցուցիչներ, զէնքեր ու զինամթերք:
. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան յառաջիկայ շաբաթ շէյխերու մեծ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ պիտի այցելէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին:


