Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Նոր Հրամանատարը

July 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի նոր հրամանատար Տիոտաթօ Ապանիարան, որուն յայտնեց. «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ պայմանները այսօր աւելի քան երբեւէ պարտադիր կը դարձնեն միջազգային ուժերու հարաւային Լիբանանի մէջ մնալը, որպէսզի լիբանանեան բանակի հետ աշխատանք տանին պահպանելու շրջանին մէջ անվտանգութիւնը, որ շրջանին մէջ կայունութեան անբաժանելի մասն է»:

«Իսրայէլեան թշնամական արարքներու շարունակութիւնը, հինգ բլուրներու գրաւումը եւ լիբանանցի գերիները ազատ չարձակելը յստակ խախտումներ են միջազգային ընտանիքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերով գործադրութեան կամքին», ըսաւ նախագահը:

Նախագահ Աուն զօր. Ապանիարային իր նոր պատասխանատուութեան մէջ յաջողութիւն մաղթելով ընդգծեց «ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործընկերութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութեան մարդասիրական, ընկերային եւ ծառայողական նշանակութիւնը, մասնաւորաբար լոյսին տակ այն լաւ յարաբերութիւններուն, որոնք մշակուած են Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող գիւղերու բնակչութեան եւ այս ուժերուն միջեւ, որոնք անոնց անվտանգութեան կողքին առողջապահական ու ընկերային ծառայութիւններ կը մատուցեն, ինչպէս նաեւ աւելի քան 500 լիբանանցի ընտանիքներու աշխատանք կ՛ապահովեն»:

Հանրապետութեան նախագահը ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարին յայտնեց, որ «աշխատանքը ընթացքի մէջ է աւելցնելու հարաւային Լիբանանի մէջ բանակայիններու թիւը` ամրապնդելու համար կայունութիւնը եւ անվտանգութիւն ու հանգստութիւն ապահովելու համար»:

Զօր. Ապանիարա իր կարգին յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի «լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեան ամրապնդման համար»:

ՖԻՆԻՒԼ-ի նոր հրամանատարին կ՛ընկերակցէր Էրվէ Լըքոքն ու անոր յատուկ օգնական Ռէյչըլ Օհանիընը:

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Շարք Մը Օրինագիծեր Վաւերացուց

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Նպատակը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կացութեան Կարգաւորման Ջանքերուն Աջակցիլն Է

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.