Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յանուն Ժողովրդավարութեան. Ըստ Էութեան` Հակաժողովրդավարութեան

June 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահին հրապարակումը  Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին կարգ մը հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ:

Նախ, առաջին բաժինը. «Շատ լաւ հեռախօսազրոյց ունեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Յայտնեցի Ֆրանսայի համերաշխութիւնն` ի պատասխան Հայաստանի ժողովրդավարութիւնն ապակայունացնելու փորձերի»:

Այստեղ շատ յստակ ձեւով կ՛ըսուի, որ Փարիզը կողմ է եւ կը զօրակցի ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ իշխանութիւններուն կիրարկած քաղաքականութեան: Ընդ որում` ներխուժումներուն, հարցաքննութիւններուն, բերման ենթարկելու դէպքերուն, ձերբակալութիւններուն եւ կալանաւորումներուն:

Որդեգրուած են իշխանութիւններուն բոլոր թեզերը, «յեղաշրջում»-ի փորձ կատարելու մեղադրականները: Աւելի՛ն. գործադրուած բռնաճնշումը կ՛արդարացուի իբրեւ թէ ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնելու յեղաշրջման նախաձեռնութիւններու արգելակումով:

Հիմա, երկրորդ բաժինը. «Նաեւ վերահաստատեցի մեր աջակցութիւնը նրա խիզախ ջանքերին` ուղղուած Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատմանը եւ Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորմանը: Խաղաղութիւնը եւ բաց սահմանները կարեւոր զարգացում կը լինեն ամբողջ տարածաշրջանի համար եւ օրինակ` դրա սահմաններից անդին»:

Եթէ առաջին բաժինը Փաշինեանի ներքին քաղաքականութեան կը վերաբերէր, ապա երկրորդը լրիւ տրամադրուած է արտաքին քաղաքականութեան: Այստեղ եւս ամբողջական է զօրակցութիւնը: Արտաքին քաղաքականութիւնը` ուղղուած թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ, ջատագովելի է Ֆրանսայի կողմէ: Այսինքն` միակողմանի զիջումները կը նկատուին «խիզախ» քայլեր: Միակողմանի ընդառաջումները Պաքուի եւ Անգարայի պայմաններուն ընդառաջ կը ծափահարուին Փարիզի կողմէ:

Այս բոլորին նկատմամբ Ֆրանսայի շահագրգռուածութեան կէտը վերջին տողերուն մէջ ամփոփուած է: Բաց սահմաններ` ամբողջ տարածաշրջանի համար  եւ անոր սահմաններէն անդին:

Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատուող տարածքներէն փուլ առ փուլ կը հեռանան ռուսական զօրքերը: Բացուելիք սահմաններուն վրայ չի պատկերացուիր ռուսական վերահսկողութիւն: Սակայն բաց սահմանները նաեւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ են: Ազրպէյճանի հետ համաձայնեցուած ընդհանուր սահմանէն ետք, ըստ առաջադրուած նախագիծի եւ ըստ Մաքրոնի, պիտի բացուին նաեւ Թուրքիոյ հետ սահմանները: Այդ պարագային պիտի գայ 102-րդ ռազմակայանի կեցութեան շուրջ հարցականը:

Ֆրանսա եւ Ռուսիա գերլարուած յարաբերութիւններ ունին: Յատկապէս Ուքրանիոյ պարագային Ֆրանսան չի պահեր հրադադարին համաձայն չըլլալու իր դիրքորոշումը: Ի հարկէ միայն Ուքրանիոյ թղթածրարը չէ Փարիզ-Մոսկուա թշնամական հռետորաբանութեան սահմանները հատած լարուածութեան պատճառը:

Ներքին-արտաքին քաղաքականութիւններու հանդէպ այս անվերապահ զօրակցութիւնը Ֆրանսայի կողմէ հիմնուած է ռուսական գործօնը հարուածելու շարժառիթին վրայ: Այս յայտարարութեամբ այնպէս կը հասկցուի, որ Երեւանի սանձազերծած բռնաճնշումի գործողութիւններուն նպատակը ռուսական գործօնին հետ առնչուած է:

Այստեղ յայտնաբար կը նոյնանան Փաշինեանին եւ Մաքրոնին մօտեցումները: Քոչարեանէն մինչեւ Կարապետեան անցնելով ընդդիմութեան ուժերէն մինչեւ հայոց եկեղեցի, Փաշինեան իր հարուածները կ՛արդարացնէ ռուսական գործօնի հեռացման նպաստող գործողութիւններով:

Մաքրոն այս հրապարակումով կ՛որդեգրէ իշխանութիւններուն հրապարակ նետած թէզերը, հակաժողովրդավարական քայլերը կ՛արդարացնէ ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնողները չէզոքացնելու գործողութիւններով:

Յանուն ժողովրդավարութեան ներկայացողը ըստ էութեան կը քաջալերէ հակաժողովրդավարութիւնը, հերթական անգամ ընդգծելով, որ ժողովրդավարութիւնը կամ հակաժողովրդավարութիւնը պարզապէս միջոցներ են քաղաքական ծրագիրներ յաջողութեան կամ ձախողութեան առաջնորդելու:

Այս պարագային հակաժողովրդավարութիւնը քաջալերելով:

«Ա.»

Նախորդը

Մաքրոն. «Կ՛աջակցինք Հայաստանի Կառավարութեան Որդեգրած Խաղաղութեան Ռազմավարութեան»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Յունիս 2025)

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.