Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր պահանջուածը երկրին մէջ բոլոր ապօրինի զէնքերը հաւաքել եւ լիբանանեան բանակին յանձնելն է, որպէսզի Լիբանան վերստին դառնայ ինքնին իրողական պետութիւն մը»:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն կը նախընտրէ «շատ հեզասահ մօտեցում մը»` աւելցնելով. «Ամէն ինչ իր ժամանակին ու սահմանին մէջ, եւ մենք վերջին հինգ ամսուան ընթացքին որդեգրուած հեզասահ մօտեցումին դէմ չենք, սակայն անիկա ժամկէտ ունի, եւ կը յուսամ, որ այս առնչութեամբ քայլերը կ՛արագացուին, մանաւանդ որ ժամանակն ու դէպքերը մեզի չեն սպասեր»:
Ժահժահ նշեց, որ ինք որոշ պայմանաժամ մը չէ ճշդած, «այլ առաջարկեցի, որ այդ ժամկէտը այս տարուան վերջաւորութենէն առաջ ըլլայ»` աւելցնելով. «Հարցերը այդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան. ապօրինի զէնքի յանձնումը պիտի ըլլայ 2025 թուականի աւարտէն առաջ»:


