Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոպհանի. «Խորհուրդ Կու Տանք Ինքնակոչ Պահանջներով Չխանգարել Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման»

June 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան կտրականապէս կը մերժէ որեւէ տարածքային պահանջ, որ կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգային գերիշխանութիւնը: Յօրինուած եւ կեղծ արտայայտութիւններու օգտագործումը կը հակասէ շրջանին մէջ խաղաղ համակեցութեան ծրագիրին, դրացնութեան տրամաբանութեան եւ այլ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, պէտք է խուսափիլ նման արտայայտութիւններու օգտագործումէն:

«Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան,  այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի, ներկայացնելով Թեհրանի դիրքորոշումը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու վերջին ժողովի ծիրին մէջ որդեգրուած «Պոլսոյ հռչակագիրին մէջ» եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած խեղաթիւրուած ու ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումներուն առնչութեամբ:

«Մենք կտրականապէս կը մերժենք որեւէ տարածքային պահանջ, որ կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգային գերիշխանութիւնը: Որեւէ կեղծ եւ շինծու արտայայտութիւն, որ կրնայ որեւէ տեսակի տարածքային պահանջ ենթադրել մէկ այլ երկրի նկատմամբ, մենք ատիկա եւս կտրականապէս կը մերժենք: Այդ յօրինուած եւ կեղծ արտայայտութիւններուն օգտագործումը կը հակասէ շրջանին մէջ խաղաղ համակեցութեան ծրագիրին, դրացնութեան տրամաբանութեան եւ այլ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, եւ պէտք է խուսափիլ այդ արտայայտութիւններու օգտագործումէն», ընդգծած է դեսպանը:

Իրանի դեսպանը, անդրադառնալով այդ հռչակագիրին մէջ տեղ գտած այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ազրպէյճան» կեղծ խօսոյթին, նշած է. «Այդ օգտագործուող «արեւմտեան Ազրպէյճան» անուանումը Իրանի իսլամական հանրապետութեան նահանգներէն մէկուն անունն է: Անիկա չի կրնար օգտագործուիլ որեւէ այլ աշխարհագրական շրջանի համար` յատկապէս, եթէ անիկա կ՛ենթադրէ որեւէ տեսակի տարածքային պահանջ մէկ այլ երկրի` մասնաւորաբար Հայաստանի նկատմամբ»:

Դեսպանին համաձայն, Իրանը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ երկխօսութեան, եւ երկու կողմերուն ալ կը խրախուսէ, որպէսզի որքան կարելի է շուտ ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիրը:

«Հայաստանի նկատմամբ մեր դիրքորոշումը միշտ կայուն եւ հաստատուն է: Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային գերիշխանութեան: Ով ալ որ ասոր հակառակը ըսէ, մենք անոր դէմ ենք: Եւ խորհուրդ կու տանք, որ ինքնակոչ այս պահանջներով չխանգարեն շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման», շեշտած է Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:

Նախորդը

Սահեր. «Իրանի Վրայ Յարձակումին Ընթացքին Իրագործեցինք Մեր Նպատակները Եւ Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք, Եթէ Հիւլէական Զէնք Ձեռք Բերելու Ջանայ»

Յաջորդը

Իրաւապահները Ոտնձգութիւն Կը Կատարեն Ս. Էջմիածինի Դէմ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.