Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամալ Եւ Հըզպալլա Կոչ Կ՛ուղղեն Իսրայէլին Ստիպելու Յարձակումները Դադրեցնել Եւ Հեռանալ Բռնագրաւուած Հողերէն

June 26, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի հարաւային Լիբանանի շրջանի ղեկավարութիւնները գումարեցին միացեալ ժողով մը, որ յատկացուած էր իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ու զինադադարի համաձայնութեան խախտումներուն լոյսին տակ քաղաքական եւ գետնի վրայ ներկայ զարգացումներուն:

Երկու ղեկավարութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը գործի լծուի եւ առաւելագոյն ջանք թափէ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար զինադադարի համաձայնութեան հովանաւոր պետութիւններուն մօտ Իսրայէլին ստիպելու համար, որ դադրեցնէ լիբանանեան գերիշխանութեան վրայ իր յարձակումները եւ անմիջապէս հեռանայ հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած հողերէն ու ազատ արձակէ գերիները, ինչպէս նաեւ զսպել իսրայէլեան բանակը, որ կը շարունակէ իրենց տուներուն ու դաշտերուն մէջ եւ ճամբաներուն վրայ ահաբեկել լիբանանցիները:

Ինչ կը վերաբերի վերաշինութեան թղթածրարին, անոնք կառավարութեան կոչ ուղղեցին` յարգելու իր աշխատանքային ծրագիրով ստանձնած յանձնառութիւնները, թէ վերաշինութիւնը իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է, եւ մերժելու վերաշինութեան ծրագիրը Լիբանանի գերիշխանական ու ազգային սկզբունքներուն հակասող քաղաքական որեւէ յանձնառութիւններու կապելու որեւէ փորձ:

Նախորդը

Ժապեր Ֆրանսայի Նախագահի Պատուիրակին. «Վճռակամ Ենք Շարունակելու Բարեփոխումներու Ծրագիրներն Ու Օրէնքները, Հակառակ Տեւական Կայունութեան Հաստատումը Արգելակող Մարտահրաւէրներուն»

Յաջորդը

Հայաստանի Դեսպանը Եւ Ռազմական Կցորդը Այցելեցին Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.