Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Միացաւ Հիւսթըն Ռոքեթցի

June 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն.Պի.Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն Քեւըն Տիւրենթ լքեց Ֆենիքս Սանզը ոչ յուսադրիչ եղանակէ մը ետք աւարտելով 36 յաղթանակ – 46 պարտութեամբ` դուրս մնալով փլէյ օֆի խաղալու իրաւունքէն:

Սանզը լքեց նաեւ մարզիչ Մայք Պատըն Հոլզըր` 11-րդ դիրքի վրայ աւարտելէ ետք Արեւմտեան շրջանին մէջ:

Հիւսթըն Ռոքեթց իր կազմին մէջ առաւ Տիւրենթ, որպէսզի այս ձեւով մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրէ երիտասարդ խումբին մէջ, 52 յաղթանակ եւ 30 պարտութիւն արձանագրած էր անցեալ եղանակին` գրաւելով Բ. դիրքը ախոյեան Օքալհոմա Սիթի Թանտըրի ետին:

Երկու անգամ «Էն.Պի.Էյ.»-ի ախոյեան Տիւրենթ 26,6 կէտ նշանակեց իր 17-րդ տարեշրջանին (առանց նկատի առնելու 1 տարեշրջանի իր բացակայութիւնը, երբ վիրաւոր էր): Ան ասպարէզի ընթացքին 27,2 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ ամէն մրցումի (միջին հաշուով), եւ 36 տարեկան Տիւրենթ, որ 2,11 մեթր հասակ ունի, բնաւ մակարդակի վայրէջք չունի:

Այս փոխանցումով ան կը վերադառնայ Թեքսաս նահանգ, ուր Լոնկհորնզի համալսարանի խումբին հետ մարզիկ եղած է տարիներ առաջ:

Հիւսթըն պիտի ըլլայ իր 5-րդ խումբը` Սիեթըլ Սուփըրսոնիքսէն (որ նոյն տարին կոչուեցաւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր), Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըզէն, Պրուքլին Նեթցէն եւ Ֆենիքսէն ետք:

Տիւրենթ Ուորիըրզի հետ 2017-ին եւ 2018-ին ախոյեան դարձած էր, եւ անցեալ ամրան տեղի ունեցած Ողիմպիականին դարձաւ Ողիմպիական խումբին պատմութեան ամէնէն աւելի կէտեր նշանակող մարզիկը եւ միակ մարզիկը, որ 4 ոսկի մետալներ ունեցած է խումբին հետ (2012, 2016, 2020 եւ 2024-ին):

Ան 4 անգամ «Էն.Պի.Էյ.»-ի առաւելագոյն կէտեր նշանակող մարզիկը ընտրուած է, եւ երկու անգամ աւարտականի «Էմ.Վի.Փի.», ինչպէս նաեւ 2014-ի տարեշրջանի «Էմ.Վի.Փի.» եւ մաս կը կազմէ պատմութեան այն 8 մարզիկներուն, որոնք 30 հազարէ աւելի կէտեր նշանակած են: Ան 50 միլիոն ամ. տոլարի պայմանագրութիւն ունի (1 տարուան) եւ յառաջիկայ տարի ազատ գործակալի իրաւունք կ՛ունենայ:

 

Նախորդը

Պատերազմը Դադրեցաւ. Հիմա Ի՞նչ Պիտի Ընեն Կողմերը

Յաջորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնաց

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.