Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Հիասթափուած Է Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Պոլսոյ Փաստաթուղթերու Ձեւակերպումներէն

June 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Երեւանը խորապէս հիասթափուած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարական վերջին համաժողովի շրջանակներուն մէջ ընդունուած «Պոլսոյ հռչակագիր»-ին եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումներուն առնչութեամբ: Տուեալ փաստաթուղթերուն մէջ արտայայտուած շեշտադրումները կը հակասեն շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման շահերուն եւ տրամաբանութեանը, նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն փաստը, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի խօսոյթը մարդու իրաւունքներու քողին տակ Ազրպէյճանի կողմէ յստակ տարածքային պահանջ է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ, ինչ որ կը փաստուի նոյնիսկ այդ նպատակով արհեստականօրէն ձեւաւորուած «կազմակերպութեան» հիմնադիր փաստաթուղթերուն մէջ»:

«Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Հայաստանի մէջ բնակած ազրպէյճանցիներուն, ապա անոնք Խորհրդային Միութեան գոյութեան վերջին տարիներուն Հայաստանէն հեռացած են կամաւոր, կրցած են վաճառել կամ փոխանակել իրենց գոյքը կամ ստացած են փոխհատուցում Հայաստանի կառավարութենէն: Ցաւօք, նոյնը չէ եղած հայերու ճակատագիրը Ազրպէյճանի` Պաքուի, Սումկայիթի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր տեղի ունեցած են հայերու կոտորածներ եւ բռնի տեղահանում, իսկ նոյնօրինակ վերջին դրսեւորումին մեր շրջանին մէջ աշխարհ ականատես եղաւ 2023 թուականի աշնան, երբ աւելի քան 115 հազար հայեր ստիպուած եղան լքել Լեռնային Ղարաբաղը` ենթարկուելով ցեղային զտման», կ՛ընդգծէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումով հետաքրքրուած գործընկերներու կողմէ աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար յորդորել Ազրպէյճանին առանց անհարկի յետաձգման ստորագրելու համաձայնագիրը` զերծ մնալով այդ ճամբուն վրայ արհեստական խնդիրներ յարուցելէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Խոր ափսոսանք կը յառաջացնէ նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւը. անտեսելով Ազրպէյճանի հսկողութեան ներքեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացումն ու անոր նկատմամբ համակարգուած վանտալիզմը` բանաձեւը հարցին կը փորձէ հաղորդել կրօնական երանգաւորում` ստեղծելով թիւր եւ վտանգաւոր թեզեր», կ՛ընդգծէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ վերոնշեալ փաստաթուղթերուն միացած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն` «վերանայելու եւ վճռականօրէն հրաժարելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը թիրախաւորող եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացը վտանգող կողմնակալ նախաձեռնութիւններէն»:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Հաւաքական Արժէքներու Կորուստը Կրնայ Անդառնալի Հետեւանքներ Ունենալ»

Յաջորդը

Իրան Կը Յայտարարէ «Ֆաթհի Աւետիս» Գործողութեան Սկիզբը Քաթարի Ամերիկեան Խարիսխներուն Դէմ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.