Ակումբներու մոնտիալը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին, եւ միակ անակնկալը պատահեցաւ, երբ Չելսի 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆլամենկոյէն: Ըստ երեւոյթին, կլիման կ՛ազդէ եւրոպական խումբերուն վրայ, կան շրջաններ, ուր շատ տաք է, կան նաեւ այլ շրջաններ, ուր կ՛անձրեւէ:
13-րդ վայրկեանին Փետրօ Նեթօ նշանակեց Չելսիի եւ մրցումին առաջին կոլը, բայց Բ. կիսախաղին Պրունօ Հենրիքէ, Տանիլօ եւ Ուալաս Եան նշանակեցին Ֆլամենկոյի 3 կոլերը:
Ասիկա Ֆլամենկոյի 2-րդ յաջորդական յաղթանակն էր` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էսփերանսին (Թունուզ):
Էսփերանս իր երկրորդ մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Ֆ. Ք. խումբին, շնորհիւ Եուսեֆ Պելայլիի կոլին:
Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Պոքա Ժունիորզի վրայ:
Հերի Քէյն եւ Մայքըլ Օլիսէ նշանակեցին գերմանական ակումբին երկու կոլերը, մինչ Միկել Մերենթիել նշանակեց Պոքայի միակ կոլը:
Գերմանիոյ երկրորդ ներկայացուցիչը` Պորուսիա Տորթմունտ 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մամելոտի Սանտաունզը:
59-րդ վայրկեանին 4-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Մամելոտի 2 կոլ նշանակեց, բայց արդէն ժամանակ մնացած չէր հաւասարութեան կոլի:
Մամելոտի, որ շատ լաւ խումբ է, դժուար մրցում մը պիտի ունենայ Ֆլումինենսէի դէմ:
Ֆլումինենսէ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ուլսանի` շահելով իր 4-րդ կէտը:
Արիաս, Նոնաթօ, Ֆրէյթես եւ Քենօ նշանակեցին պրազիլեան ակումբին 4 կոլերը, մինչ Լի Ժին-Հիուն եւ Ում Ուոմ-Սանկ` քրէական Ուլսանի 2 կոլերը:
Ինթեր Միլան, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ սկսած էր մեքսիքական Մոնթերէյ խումբին դէմ, կրցաւ մրցումի վերջին 12 վայրկեաններուն 2 կոլ նշանակել եւ յաղթել Ճափոնի Ուրաուա Ռետծին` 2-1 արդիւնքով:
Ռիոմա Ուաթանապէ 11-րդ վայրկեանին նշանակած էր ճափոնական ակումբին կոլը:
Արժանթինի Ռիվըր Փլէյթ ակումբը, որ իր առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Ուրաուա Ռետծին, չկրցաւ կոլ նշանակել մեքսիքական Մոնթերէի դէմ եւ բաւականացաւ ճերմակ հաւասարութեամբ:
Այսօր գիշեր կը սկսին առաջին հանգրուանի խմբակներու 3-րդ եւ վերջին մրցումները, որոնց ծիրին մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Սիեթըլ Սաունտըրզի դէմ, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ` Պոթաֆոկոյի դէմ:


