Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ Պիտի Հիւրընկալէ Ռիատին` Շաբաթ Օրուան Գեղեցիկ Ճակատումէն Ետք

June 23, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան կիսաւարտականի առաջին ճակատումը` Մանարայի մէջ, ուր Ռիատի կը հիւրընկալէր ՀՄԸՄ-ը:

Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովելէ ետք, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մոժահես յայտնած էր, թէ Ռիատի անկասկած շատ զօրաւոր խումբ է, բայց վիրաւոր Ուաէլ Արաքժին խումբին կէսն էր: Մոժահեսի այս յայտարարութիւնը օրեր շարունակ քննարկումի նիւթ դարձաւ, թէ ճի՞շդ է, կամ սխալ: Վստահաբար մարզիչը այս խօսքով յոյս ներշնչած էր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն եւ ոչ թէ թերագնահատած մրցակիցը:

Շաբաթ գիշեր Մանարայի մէջ ՀՄԸՄ եւ Ռիատի գրեթէ նոյն ձեւով սկսան մրցումը, ուր Ռիատի աւելի յաջող կէտեր կը նշանակէր, քան ՀՄԸՄ եւ 28-22 արդիւնքով աւարտեց առաջին մասը:

Բ. մասին ալ ՀՄԸՄ 22 կէտ նշանակեց, բայց կրցաւ համեմատաբար զսպել Ռիատիի յառաջխաղացքը, որ նշանակեց 25 կէտ:

Բ. կիսախաղին Ռիատի աւելի լաւ սկսաւ եւ 14 կէտ բարձրացուց առաւելութիւնը, սակայն Ճորտըն Սթիվընզ եւ Պասել Հարֆուշ մինչեւ 4-րդ մաս 4 կէտի նուազեցուցին տարբերութիւնը: Այս մասին ՀՄԸՄ 28 կէտ նշանակեց Ռիատիի 23-ին դիմաց: 4-րդ եւ վերջին մասը սկսաւ, եւ Ռիատի անմիջապէս 7 կէտի բարձրացուց իր առաւելութիւնը (81-74): Հարֆուշի 3 կէտերը օգնեցին մօտենալու, բայց Ռիատի իր առաւելութիւնը անմիջապէս 9 կէտի բարձրացուց: Թայլըր Պէյ յաջորդական կէտեր նշանակեց տարբերութիւնը 3-ի նուազեցնելով, մինչ վերջին 3 վայրկեաններուն Ճորտըն Սթիվընզի 3 կէտնոց կողովը արդիւնքը 94-ի վրայ հաւասարեցուց:

Քարիմ Զէյնուն նշանակեց 3 կէտնոց կողով մը, որուն անմիջապէս պատասխանեց Պասել Հարֆուշ: Արդիւնք` 102-101 ի նպաստ Ռիատիի: Տուէյն Ճեքսընի սթիլէն չկրցան օգտուիլ ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որոնց ճնշումին տակ Կապրիէլ Աճէմեան կը փորձէր փոխանցել Ճորտընին, երբ Քարիմ Զէյնուն միջամտեց: Թէ գնդակը դպաւ Ճորտընի կամ ոչ, իրաւարարը ստուգեց կրկնութեան վրայ եւ «ըստ իրեն» գնդակը ի նպաստ Ռիատիի վճռեց: 10 երկվայրկեան կար: Արագ ֆաուլ մը պէտք էր ընել ժամացոյցը կեցնելու համար: Պասել կատարեց ֆաուլ` Հանթի վրայ, որ նշանակեց զոյգ ազատ հարուածները: Արդիւնք` 104-101: Թայմ-աութէ ետք, գնդակը հասաւ Կապրիէլ Աճէմեանի, որ նախապէս 2 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակած էր, բայց անոր հարուածը զսպեց Հայկ, մինչ Քարիմ Զէյնուն կը փորձէր 3 կէտնոց կողովով փակել մրցումը:

Մրցումը վերջ գտաւ 104-101 արդիւնքով, արդիւնք մը, որ շատ զայրացուց Ռիատիի մարզիչ Ահմետ Ֆարրանը, որ դժգոհ էր իր խումբի ելոյթէն:

ՀՄԸՄ-ի համար պատուաբեր արդիւնք էր, եւ սխալ չէր մարզիչ Ճօ Մոժահես, երբ ըսած էր, թէ առանց բացականեր Ուաէլ Արաքժիի եւ Ամիր Սաուտի, Ռիատիի խումբը նոյնքան զօրաւոր չէ:

Այսօր գիշեր ժամը 21:45-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ համակիրները 40 վայրկեան անընդհատ պէտք է քաջալերեն, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց 100 տոկոսը տան ճակատումներու 2-րդ մրցումը յաղթելով` չորեքշաբթի օր Մանարայի դաշտին վրայ ճնշումը փոխադրելով Ռիատիի վրայ:

Հետաքրքրական է, որ Ռիատիի 104 կէտերէն 102-ն հիմնական կազմի մարզիկները նշանակած են: Թոն Մէյքըր (30 կէտ), Քարիմ Զէյնուն (24), Մարքուս Հանթ (21 կէտ), Ալի Մանսուր (16 կէտ, 16 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Հայկ (11 կէտ) եղան հիմնական մարզիկները:

ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկներն էին Թայլըր Պէյ (27 կէտ եւ 17 ռիպաունտ) եւ Ճորտըն Սթիվընզ (29 կէտ եւ 11 էսիսթ), մինչ Պասել Հարֆուշ 22 կէտ նշանակեց (7 հատ 3 կէտնոց կողով), իսկ Կապրիէլ 14 կէտ եւ Տուէյն Ճեքսըն 10 կէտ աւելցուցին ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 90-Ամեակի Հեծելարշաւի Մրցումը

Յաջորդը

Թինընթի. «Տեղաշարժի Ազատութիւնը Հիմնական Նախապայմանն Է ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Գործադրութեան»

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.