Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապօրինի Ձերբակալութիւններ Եւ Խուզարկութիւններ` ՀՅԴ-ի Անդամներու Եւ Մարզային Կառոյցներու Նկատմամբ

June 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ ապօրինի ձերբակալութիւններ եւ խուզարկութիւններ իրականացուած են ՀՅԴ մարզային կառոյցներու պատասխանատու ընկերներու նկատմամբ:

«ՀՅԴ-ի անդամներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներու այս նոր փուլը սկսած է Փաշինեանի` Թուրքիա կատարած այցելութեան զուգահեռ: Անկախ զարգացումներէն եւ բռնաճնշումներու ծաւալներէն կը փաստենք. որեւէ բռնաճնշում չի կրնար մեզ լռեցնել, այսպիսի գործելաոճը, ի վերջոյ, պիտի ծնի համարժէք հակազդեցութիւն», կը նշէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Աւելի ուշ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Երկիր»-ին մանրամասնութիւններ ներկայացուց կատարուած ապօրինի բռնաճնշումներէն: Ան ըսաւ.  «Այս պահուն յայտնի է, որ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ` Տաւուշ, Կոտայք, նոր պարզուեցաւ նաեւ Լոռի, մեր մարզային պատասխանատուները բերման կ`՛ենթարկեն, ձերբակալութեան կը տանին, կը կանչեն քննչական` ինչ-որ քննութեան, ներառեալ` «Սրբազան պայքար»-ի աշխուժ մասնակիցները: Սա կը խօսի իշխանութեան վախի մասին, բնականաբար, Թուրքիոյ պահանջները կատարելու պարունակին մէջ այս ամէնը պէտք է դիտել, բայց այս պահուն կրնամ ըսել, որ եթէ ոեւէ մէկուն միտքով անցնի, որ այս ճանապարհով կրնայ մեզի ետ պահել` հայրենիքի համար մեր պայքարէն կամ յոյս ունի, որ ասով կրնայ որեւէ ձեւով ազդել մեր գործողութիւններուն վրայ, չարաչար կը սխալին: Այս հալածանքը մեր նկատմամբ նոր չէ, ո՛չ առաջինն է, ո՛չ ալ վերջինը, մենք որեւէ դիպաշարի պատրաստ ենք», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ քաղաքական հետապնդումներու այս նոր փուլը սկսած է Նիկոլ Փաշինեանի` Թուրքիա կատարած այցելութեան զուգահեռ, Իշխան Սաղաթէլեան նշեց. «Այո՛, թուրքերուն հաճոյանալու համար պէտք է հալածել Դաշնակցութիւնը, եկեղեցին, եւ իր արժէքը Թուրքիոյ մէջ բարձրացնելու պարունակին մէջ սա շատ կարեւոր է Փաշինեանի համար», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Նախորդը

Փաշինեանն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Հայ-Թրքական Կարգաւորման Ընթացքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.