Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա Մեկնաբանած Է Սամուէլ Կարապետեանի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

June 19, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան, մեկնաբանելով Ռուսիա բնակող գործարար Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է, որ այս հարցին Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի եւ անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ:

«Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Ռուսիոյ քաղաքացի Կարապետեանի շուրջ ստեղծուած կացութեան, որուն Երեւանի մէջ կը սպառնան գրեթէ ձերբակալութեամբ` տարօրինակ պատրուակներով», ըսած է ան:

«Մենք անոր անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք, որպէսզի անոր բոլոր իրաւունքները յարգուին», աւելցուցած է Զախարովա:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները խուզարկութիւն կատարեցին Ռուսիոյ քաղաքացի գործարար, «Տաշիր կրուփ»-ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի առանձնատան մէջ:

Նախանցեալ գիշերուան շուրջ ժամը 3:00-ին Կարապետեան դուրս եկաւ առանձնատունէն եւ իրաւապահներու հետ հեռացաւ` ժամեր շարունակ իր տան առջեւ սպասող աջակիցներուն ըսելով. «Չմոռնաք, ասոնց լաւ դաս պիտի տաք»:

Իրաւապահներու այցելութենէն մէկ ժամ առաջ Կարապետեան Էջմիածինի մօտէն պաշտպանած էր Հայ առաքելական եկեղեցին` նշելով. «Ես միշտ եղած եմ հայոց եկեղեցւոյ կողքին ու հայ ժողովուրդի կողքին: Եթէ քաղաքական գործիչները չյաջողին, ապա մենք մեր ձեւով պիտի միջամտենք եկեղեցիի դէմ արշաւին»:

«Ես մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդի կողքին եմ: Ինչքան ալ փորձեն սեւցնել, ոչ մէկ ելեկտրական ցանց… թքած ունիմ իրենց վրայ ալ, իրենց ելեկտրական ցանցին վրայ ալ: Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, ժողովուրդը ի վերջոյ իր խօսքը պիտի ըսէ, իրենք պիտի հասկնան, որ սխալեցան», յայտարարած էր ան:

Մէկ ժամ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոշտ կերպով արձագանգեց այս յայտարարութեան` ըսելով. «Պոռնկաբարոյ «հոգեւորականներն» ու անոնց պոռնկաբարոյ «բարեգործները» ինչո՞ւ աշխուժացած են: Ոչինչ` դարձեալ կրաւորական կը դարձնենք: Այդ ալ` ընդմիշտ»:

Փաշինեան երէկ ալ անդրադառնալով Հայաստանի ելեկտրական ցանցի վերաբերեալ Կարապետեանի յայտարարութեան` Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց. «Կը կարծեմ հասունցած է պահը, երբ Հայաստանի ելեկտրական ցանց փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը պէտք է ազգայնացուի (պետականացուի): Ատիկա տեղի պիտի ունենայ արագ եւ Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցի բոլոր աշխատակիցներուն իմ յանձնարարականս է` բարեխղճօրէն կատարել իրենց աշխատանքային պարտականութիւնները»:

 

 

Նախորդը

«Հայ Առաքելական Եկեղեցիին Սատարող Անձերու Նկատմամբ Ճնշումները Անընդունելի Են Թէ՛ Բարոյական, Թէ՛ Ալ Իրաւական Տեսանկիւնէն» Կ՛ըսէ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոսկուայի Պատրիարքարանը

Յաջորդը

Մոսկուա. «Իսրայէլին Ամերիկեան Զինուորական Որեւէ Օժանդակութեան Տրամադրում Միջին Արեւելքի Մէջ Կայունութեան Արմատական Քայքայման Ուղղութեամբ Կատարուած Քայլ Է»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.