Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ. «Թրամփի Իմամ Խամենէիին Սպանութեամբ Սպառնալը Միջազգային Արժեչափերէ Լկտի Շեղում Է»

June 19, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Ալի Խաթիպ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին անցնող օրերուն Իրանի իսլամական հանրապետութեան դէմ սիոնական նախայարձակ պատերազմին նկատմամբ յայտարարութիւններն ու կեցուածքները մեզ անակնկալի չմատնեցին: Մենք արդէն սիոնական գոյացութեան շրջանին մէջ եւ մեր ժողովուրդներուն դէմ պատերազմները կը նկատենք իսրայէլեան գործիքներով զուտ ամերիկեան պատերազմներ, ներառեալ Իսլամական հանրապետութեան դէմ պատերազմը»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահին երէկ մեծ այաթոլլա իմամ սէյիտ Ալի Խամենէիի կշիռը ունեցող հոգեւոր ու կրօնական հեղինակութեան մը ուղղակի կերպով սպանութեամբ սպառնալը, սակայն, արժեչափերու, սովորութիւններու, անգիր օրէնքներու եւ մարդասիրական ու միջազգային օրէնքներու լկտի խախտում մըն է, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իբրեւ աւազակ ցոյց կու տայ եւ ոչ թէ աշխարհի ամէնէն հզօր պետութեան ղեկավար եւ նախագահ», աւելցուց շէյխը:

«Կը քննադատենք եւ կը դատապարտենք ամերիկեան այս ամբարտաւանութիւնը, որ աննախադէպ է: Արաբական եւ իսլամական աշխարհին, ազատ աշխարհին, պետութիւններու ղեկավարներուն եւ միջազգային կառոյցներուն կոչ կ՛ուղղենք` դատապարտելու այս վարմունքը, որուն հետեւանքները միայն Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ անոր թիւ մէկ ղեկավարին չեն վերաբերիր, այլեւ բոլոր պետութիւններուն եւ անոնց ղեկավարներուն:

«Անիկա բոլոր բարոյական ու մարդասիրական արժԷքներու ոտնահարում է եւ մեզ կը մղէ այս աշխարհի արժէքներէն մնացած բոլորէն դուրս եկող այս մօտեցումին լոյսին տակ յաւելեալ միջազգային տագնապներ կանխատեսել:

«Նաեւ աշխարհի տարածքին իսլամական եւ քրիստոնէական հոգեւոր հեղինակութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք այսպիսի կեցուածքներու դէմ կանգնելու` առ ի նախանձախնդրութիւն իրենց դիրքին եւ բռնութեան, ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ դերակատարութեան», նշեց Լիբանանի մէջ շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը:

Նախորդը

Պայրագտարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Համալսարաններու Մարմնակրթութեան Լիբանանեան Ֆետերասիոնի Տարեկան Ձեռնարկին

Յաջորդը

«ՖԻՆԻՒԼ»-ը Հարաւային Լիբանանի Կայունութեան Պահպանման Մէջ Հիմնական Դերակատարութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.