Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիմոնեան. «Փաշինեան 20 Յունիսին Էրտողանի Հրաւէրով Պիտի Մեկնի Թուրքիա»

June 18, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան երէկ յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 յունիսին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հրաւէրով պիտի մեկնի Թուրքիա:

«Պատերազմի առնչուած վտանգները այսօր չնչին են, մենք պէտք է աշխատինք, որ զանոնք ընդհանրապէս չէզոքացնենք, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը գործօն քայլեր կը կատարէ ատոր համար: Ես կը նկատեմ, որ նման գործօն քայլերէն մէկը ձեզի յայտնի` վարչապետի Թուրքիա նախատեսուող այցելութիւնն է:

«Կը հաստատեմ, որ պիտի մեկնի, սակայն մնացածը վարչապետի գրասենեակի իրաւասութեան մէջ է: Շրջանային բոլոր հարցերը պիտի քննարկուին: Այդ այցելութիւնը պատմական է: Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը առաջին անգամ նման մակարդակի այցելութիւն պիտի տայ: Հրաւէրը ուղղուած է Թուրքիոյ նախագահի կողմէ», ըսաւ Սիմոնեան:

Ռուբինեան. «Թուրքիոյ Հետ Տարբեր
Մակարդակներով Հաղորդակցութիւններ Կան»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարի Թուրքիա այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա կարգաւորման ծիրին մէջ է: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան:

«Ոչ միայն ես կը հաղորդակցիմ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչին հետ, այլ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով հաղորդակցութիւններ կան, տարբեր նախարարներու մակարդակով հաղորդակցութիւններ կան, երկիրներու ղեկավարները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կ՛ունենան», ըսած է ան:

Յայտնենք, որ Անգարայի մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներ Վահան Կոստանեանի եւ Պերրիս Էքինճիի միջեւ:

«Հանդիպումին ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցերու շուրջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Արաբական Լիկայի Ներկայացուցիչ Ապտելռահման Սոլհի

Յաջորդը

Յայտարարութիւն Սիւնիքի Մարզին Նկատմամբ Յառաջացած Անմիջական Սպառնալիքին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.