Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Փութինի Հետ Կը Քննարկէ Իսրայէլ-Իրան Տագնապը

June 17, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տագնապը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցեր:

Էրտողանի գրասենեակը յայտնեց, որ ան յայտնած է. «Բռնութեան ոլորապտոյտը, որ սկսաւ Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն պատճառով, ամբողջ շրջանի ապահովութիւնը կը վտանգէ, եւ Նեթանիահուի կառավարութեան վարմունքը ապօրինի է եւ միջազգային համակարգին յստակ սպառնալիք կը ներկայացնէ: Շրջանը նոր պատերազմի մը չի տոկար»:

«Թուրքիան առաջին օրէն կը կեդրոնանայ յարձակումներուն վերջ տալու դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն վրայ, եւ Իրանի հետ խնդիրները լուծելու միակ ուղին դիւանագիտութիւնն է: Անոնք պէտք է ամէնէն շուտ ժամանակին բանակցութեան սեղան վերադառնան», շեշտած է Թուրքիոյ նախագահը:

«Կարեւոր է, որ Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները ուշադրութիւնը չշեղեն Կազայի մէջ ցեղասպանութենէն», նշած է Էրտողան:

«Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ կատարուած իրողութեան քաղաքականութիւն գործադրէ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին յայտնած է, թէ Էրտողան համամիտ է ինչ կը վերաբերի «տագնապները կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցնելու եւ դիւանագիտութեան առիթ ընծայելու»:

Քրեմլին եւս հաղորդեց, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողանին երախտագիտութիւն յայտնած է ռուս-ուքրանական ուղղակի բանակցութիւններու կայացման մէջ համակարգումին օժանդակելուն համար:

«Երկու կողմերը պահանջեցին անմիջապէս դադրեցնել թշնամական արարքները եւ վերադառնալ Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչուած խնդիրներու կարգաւորման», նշեց Քրեմլին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 28-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

«Իրան Պէտք Չէ Հիւլէական Զէնք Ունենայ, Եւ Բանակցուած Լուծումը Երկար Ժամկէտի Վրայ Աւելի Լաւ Է» Կ՛ըսէ Ֆոն Տեր Լեյեն

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.