Երիտասարդութեան Եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու յանձնակատար Օմրան Ռիզան:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նախարարութեան` Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի տարբեր գործակալութիւններուն հետ համակարգումով, մասնակցութեամբ ու գործընկերութեամբ կազմակերպել մտադրած գործունէութիւններուն:
Ռիզա ողջունեց այդ գործակցութիւնը եւ նախատեսեց, որ տարբեր ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ ըլլայ, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը արտայայտեց երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ նախարարութեան գործադրել ծրագրած ծրագիրներուն լրջութեան եւ բազմազանութեան համար:
Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր դիմատետրեան էջին վրայ կը նշէ, թէ քննարկումին հիմամբ բացուած են կարելի գործակցութեան, ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու հետ գործընկերութեան նոր հորիզոններ: ՄԱԿ-ի յանձնակատարը պատրաստակամութիւն յայտնած է նախարարութեան օգնելու` նշեալ կազմակերպութիւններուն հետ կապի մէջ մտնելու եւ գործընկերութիւն հաստատելու:


