Աւելի քան չորս ամսուան մրցումներէ ետք, շաբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» աշակերտական մրցում-յայտագիրը ունեցաւ 2025-ի իր երեք մրցանակակիրները` հայերէն բառերը անսխալ հնչող, լիբանանահայ վարժարաններու վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու լաւագոյն աշակերտները:
Մրցում-յայտագիրին եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց «Ճիշդ հնչենք» մրցում-յայտագիրը պատրաստող եւ ներկայացնող Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ ըսաւ. «Մեր մայրենին բառերէն շատ աւելին է: Ան ժողովուրդին յիշողութիւնն է, մեր ինքնութեան հիմքը: Իւրաքանչիւր ճիշդ գրուած եւ արտասանուած բառ արեւմտահայերէնի պահպանման երաշխիքն է եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցուելիք հզօր զէնք»:
Յայտագիրին նպատակին մասին խօսելով` ան ընդգծեց. «Ընկերային ցանցերու եւ արհեստական բանականութեան աշխարհին մէջ, երբ օտար բառերը թափանցած են մեր առօրեայ բառապաշարին մէջ, հայկական վարժարանները վստահաբար կը պայքարին այս երեւոյթին դէմ, իսկ «Ճիշդ հնչենք»-ը, իր կարգին, իր համեստ դերը ունի հայերէնը սիրցնելու եւ պահպանելու առաքելութեան մէջ»:
Հուրի Փափազեան-Էմմիեան նաեւ նշեց. «Իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին սփռուող յայտագիրի ընդմէջէն մեր բոլորին մտքերուն մէջ ծագեցաւ հետեւեալ հարցումը` «ինչո՞ւ այսօր մեր պատանիները իրենց կեանքին մէջ կենսական նկատուող սովորական բառերը ճիշդ հնչելու դժուարութիւն ունին»: Պատասխանը շատ պարզ է: Ընթերցանութենէ հեռու են: Երբ անոնք այդ բառերը յաճախակի դրութեամբ չեն տեսներ, չեն կրնար իւրացնել այդ բառը, ոչ ալչ անկէ կազմուած բարդ բառերը: Մեր պատանիները այսօր տարուած են թրենտներով: Ընթերցանութիւնը թրենտ չէ: Ընթերցանութիւնը կենսական է: Ո՛չ միայն ուղղագրութեան, այլեւ բառամթերքի զարգացման, երեւակայութեան հզօրացման եւ մտքերու արտայայտութեան համար: Հետեւաբար, ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը շեշտենք ընթերցանութեան կարեւորութիւնը: Հետեւաբար աշակերտները պէտք է յաճախ կարդան, որպէսզի Վարուժանի եւ Շանթի լեզուն մնայ ապրող լեզու: Աշակերտներ պէտք է սիրեն մայրենին, ինչպէս` իրենց ծնողները, որովհետեւ եթէ լեզուն կորսուի, մեր ինքնութիւնն ալ կը կորսուի»:
Խօսքին յաջորդեց մրցում-յայտագիրը, որուն առաջին փուլը կատարուած էր լիբանանահայ 12 վարժարաններու մէջ` մասնակցութեամբ 140 աշակերտներու եւ ներկայութեամբ 800 ուրիշներու: Ընտրուած 36 լաւագոյն աշակերտները երկրորդ փուլին մրցած էին «Վանայ Ձայն»-ի մէջ եւ ճշդած` աւարտական փուլ հասնող ինը աշակերտներ, որոնցմէ պիտի ընտրուէին լիբանանահայ վարժարաններու վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու հայերէնը անսխալ հնչող լաւագոյն երեք աշակերտները:
Մրցումները կատարուեցան երեք փուլով` դասարան առ դասարան, եւ իւրաքանչիւր փուլէ առաջ ցուցադրուեցաւ յայտագիրին երկրորդ փուլը եւ աւարտականի հասած երեք աշակերտները ծանօթացնող տեսերիզ մը: Կատարուեցաւ նաեւ ցուցադրութիւնը այլ տեսերիզի մը, որ կը ներկայացնէր մրցում-յայտագիրին հայկական վարժարաններ այցելութիւնը եւ «Վանայ Ձայն»-ի հետ հանդիպումը:
Մրցումներուն արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.
Վեցերորդ Դասարան
Առաջին- Սիրուն Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)
Երկրորդ- Ալեք Նեմշէհրիլեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Երրորդ- Անահիտ Տալտալեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան)
Եօթներորդ Դասարան
Առաջին- Վանայ Մանուկեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Երկրորդ- Վիքի Հաւաթեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան)
Երրորդ- Մարիա Այվազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)
Ութերորդ Դասարան
Առաջին- Մարիա Մարտիկեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան)
Երկրորդ- Բալիկ Էթոյեան (Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան)
Երրորդ- Հրակ Պալեան (Հայ աւետարանական քոլեճ)
Մրցանակաբաշխութենէն առաջ խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց. «Մամուլը` գրաւոր, բանաւոր թէ ելեկտրոնային, նաեւ դաստիարակութեան միջոց է: Պէ՛տք է ըլլայ: Շատեր իրենց լեզուն սորված են, կատարելագործած են ընթերցանութեամբ` թերթով ու գիրքով, իսկ շատերն ալ` երկար տարիներ ռատիոկայանի հաւատարիմ ունկնդիրներ դառնալով: Իբրեւ բանաւոր մամուլ` «Վանայ Ձայն» նման ունկնդիրներ ունեցող ռատիոկայաններու շարքին է, որովհետեւ ան միայն երգ եւ երաժշտութիւն, լուր եւ գիտելիք չի ներկայացներ: «Վանայ Ձայն» իր այլազան յայտագիրներով կը ջանայ «Ճիշդ հնչենք, միշտ հնչենք» սկզբունքով, հայերէն լեզուն` արեւմտահայերէնը պահպանել, սիրցնել եւ տարածել: Պահպանել` անաղարտ կերպով, սիրցնել` իր ամբողջ հարստութեամբ եւ տարածել կարելի բոլոր միջոցներով»:
Շարունակելով` Աւագեան դիտել տուաւ, որ «Ճիշդ հնչենք»-ի ներկայացման նոր տարբերակով` ռատիոկայանը աշակերտութեան մօտ տանելով, «Վանայ Ձայն» կարեւոր ճիգ ի գործ կը դնէ պատանի սերունդին մօտ հետաքրքրութիւն եւ կապուածութիւն ստեղծելու` հանդէպ հայ գիրին ու բառին, հայ մշակոյթին եւ ռատիոկայանին: Կապուածութիւն, որ յայտագիրի մը սահմաններէն անդին անցնելով` յուսալի է, որ ծառայէ` պատրաստելու «Վանայ Ձայն»-ի վաղուան ունկնդիրը, հայ երգի եւ յայտագիրի ծարաւ մարդը, հայեցի դիմագիծով ու նկարագիրով լիբանանահայը:
Աւագեան նաեւ ըսաւ. «Վերջին հաշուով, ի՞նչ է նպատակը ազգային մեր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, եթէ ոչ` հայը հայ պահել, հայուն մէջ հայկականութիւնը աւելի ամրապնդել` տեղ մը կրթական աշխատանքով, տեղ մը մարզական կեանքով, այլ տեղ` մշակոյթով, իսկ տեղ մըն ալ` ռատիոկայանի դաստիարակիչ յայտագիրներով»:
Խօսքին աւարտին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնը յայտնեց, որ` «Աւարտական այս հանդիպումով աւարտին կը հասնի «Ճիշդ հնչենք»-ի տասնմէկերորդ տարեշրջանը: Յայտագիրը ստեղծուած է շարունակուելու եւ զարգանալու համար` միշտ հաւատարիմ մնալով իր նպատակին»: Հետեւաբար ան շնորհակալութիւն յայտնեց անցնող յայտագիրին յաջողութեան նպաստած բոլոր աջակիցներուն եւ երախտագիտական յատուկ խօսք ուղղեց Մարաշի հայրենակցական միութեան, որ մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւներ կը յատկացնէ, եւ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, որ աւարտական փուլ հասած աշակերտներուն ամառնային ընթերցանութեան գիրքեր կը նուիրէ»:
Յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւնը: «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնը, Մարաշի Հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանը եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը մրցանակակիրներուն յանձնեցին նիւթական պարգեւներ եւ ընթերցանութեան գիրքեր:
Մրցում-յայտագիրը փակուեցաւ խմբանկարով եւ հիւրասիրութեամբ:


