Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իրան Կը Ձգձգէ Շատ Լուրջ Հարցի Վերաբերեալ Որոշում Տալը. Մեզի Շատ Շուտ Յստակ Պատասխան Պէտք Է»

June 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նոր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ զարգացումները: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թեհրանին կոչ ուղղած է կարելի եղածին չափ շուտ արձագանգելու Ուաշինկթընի այս ոլորտի մէջ ներկայացուցած առաջարկներուն:

Սպիտակ տան ղեկավարը «Թրութ Սոշըլ»-ի վրայ մեկնաբանելով Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը գրած է. «Մենք նաեւ քննարկեցինք Իրանի հարցը եւ այն փաստը, որ Իրանի համար ժամանակը կը սպառի հիւլէական զէնքէն հրաժարելու վերաբերեալ որոշում տալու համար: Որոշումը պէտք է արագ տրուի»:

«Ես նախագահ Փութինին ըսի, որ Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ, եւ այս հարցին մէջ, կը կարծեմ, մեր միջեւ համաձայնութիւն կայ: Նախագահ Փութին առաջարկեց մասնակցիլ Իրանի հետ քննարկումներուն, ինչ որ, թերեւս, կրնայ օգտակար ըլլալ այս հարցին արագ լուծման առումով: Իմ կարծիքովս, Իրան կը ձգձգէ այս շատ լուրջ հարցի վերաբերեալ որոշում տալը: Մեզի շատ շուտ յստակ պատասխան պէտք է», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ «Միացեալ Նահանգներու բոլոր առաջարկները 100 առ հարիւրով կը հակասեն Իրանի սկզբունքներուն»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս իւրանիոմի հարստացման արգելքը իբրեւ կարմիր գիծ նշած է:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով չորեքշաբթի օր Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք Թեհրանի հետ սերտ գործընկերութիւն ունինք, եւ նախագահ Փութին ըսած է, որ պատրաստ է այս գործընկերութիւնը օգտագործելու Իրանի հիւլէական խնդիրը լուծելու համար»:

Նշենք, որ Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպանը երէկ յայտարարեց, թէ Փութին մօտ օրէն Իրան պիտի այցելէ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Վեթոյի Ենթարկեցին Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Օժանդակութիւններու Անարգել Մուտքի Կոչ Ուղղող Ապահովական Խորհուրդի Բանաձեւը

Յաջորդը

Փաշինեան-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.