Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ ընդունեց Միջին Արեւելքի հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ լիբանանեան թղթածրարի պատասխանատու, Լիբանանի մէջ նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլը եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային հարցեր:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի անիրաւելուն կամ անիրաւուելուն պարագային անոր կողքին կանգնելու մասին Պըրրիի խօսքը ունի խորհրդանշական ու քաղաքական իմաստ, որ հպանցիկ յայտարարութենէ մը աւելին է եւ հարաւային Լիբանանի մէջ բարդ հաւասարակշռութեան ճշգրիտ գիտակցութենէ բխող յառաջադէմ մօտեցումի արտացոլացում է»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Քալաուէյ գիւղին մէջ պետական վարժարանին մօտ «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցաւ վիրաւոր մը:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ երկու օր առաջ տեղեակ դարձած է Մարզական աւանին մէջ «կազմակերպուած հայհոյանքներու թակարդէն», սակայն պնդած է երթալ: Ան աւելցուցած է, որ Հըզպալլան «երեւակայածին թշնամի» կը ստեղծէ` իր համակիրներուն ուշադրութիւնը իրենց տառապանքներէն շեղելու համար:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Այն Թինէ այցելած է, որպէսզի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիիէն խնդրէ խորհրդարանը արտակարգ նիստի հրաւիրել` բարեկարգումներուն կշռոյթը արագացնելու համար, եւ ոչ թէ զղջում արտայայտելու, ինչպէս «ոմանք» լրատուամիջոցներուն մէջ պատկերացուցին:

Սալամ նշած է, որ նախանձախնդիր է երկրին մէջ քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հաւասարակշռուած յարաբերութիւններուն, սակայն հակառակորդ է միայն անոր, որ կը մերժէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը յարգել:

. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շքէյր Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան պաշտօնաթերթի 141-րդ թիւին մէջ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կալանաւորուած լիբանանցիներուն հարցը լուծուելու ճամբուն վրայ է»:

Ան նախատեսեց, որ այդ հարցը աստիճանաբար կը լուծուի եւ մօտ օրէն բոլոր ընտանիքներուն համար ալ ուրախ աւարտ կ՛ունենայ:

. ՍՈՒՐԻՈՅ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հոմսի գիւղական շրջանի Քուսէյր քաղաքէն դէպի լիբանանեան հողեր զէնքի մաքսանենգման փորձ մը կանխարգիլած է:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին յայտնած են, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն արաբական եւ բարեկամ երկիրներ իր այցելութիւններու ծիրին մէջ 10 յունիսին պիտի այցելէ Յորդանան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:

Նախորդը

Իրանի Նախագահը Պիտի Այցելէ Երեւան

Յաջորդը

«Կը Հաւատամ, Որ Սուրիան Ու Լիբանանը Միջին Արեւելքի Բարգաւաճման Մէջ Գլխաւոր Դերակատարութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Ռիչ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.