Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին երկրի Անվտանգութեան ծառայութեան Ռուսիոյ զինուորական օդակայաններու մէջ աւելի քան 40 զինուորական օդանաւերու ոչնչացման գործողութիւնը որակած է փայլուն արդիւնք, որ պիտի մնայ պատմութեան գիրքերուն մէջ:
Զելենսքի յայտնած է, որ լսած է Ուքրանիոյ Անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Վասիլ Մալիուքի այս գործողութեան վերաբերեալ զեկուցումը: Ան գործողութիւնը կոչած է Ուքրանիոյ անկախ արդիւնք, որ կը նախապատրաստուէր աւելի քան 1,5 տարիէ ի վեր:
«Ամբողջովին փայլուն արդիւնք: Ուքրանիոյ անկախ արդիւնք: Ծրագրաւորման սկիզբէն մինչեւ արդիւնաւէտ իրականացում մէկ տարի, վեց ամիս եւ ինը օր: Մեր ամէնէն երկար ծրագրաւորուած գործողութիւնը: Մեր մարդիկը, որոնք նախապատրաստած էին գործողութիւնը, ժամանակին դուրս բերուած են Ռուսիոյ տարածքէն», ըսած է ան:
Զելենսքի նշած է, որ այս գործողութեան ընթացքին ընդհանուր առմամբ օգտագործուած է 117 անօդաչու թռչող սարք, իսկ Ռուսիոյ տարածքին մէջ գործողութեան «գրասենեակ»-ը տեղակայուած է մարզերէն մէկուն մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան շտապի կողքին:
Ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը կիրակի օր հարուածած են Ռուսիոյ քանի մը զինուորական օդակայաններ: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ի ուքրանական ծառայութեան յայտնած է Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրը: Անոր համաձայն, պատերազմէն ի վեր մեծագոյն նման յարձակման հետեւանքով խոցուած է Ռուսիոյ օդուժի աւելի քան 40 օդանաւ, ներառեալ «Ա-50», «Թու-95» եւ «Թու-22 Մ3»:
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, անօդաչու թռչող սարքերը գործարկուած են Ռուսիոյ տարածքէն` դուրս թռչելով բեռնատարներէ: Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրը կը գրէ, թէ յարձակումի ենթարկուած են հետեւեալ ռազմակայանները` «Օլենիա» (Մուրմանսքի մարզ), «Պելայա» (Իրքութսքի մարզ), «Իվանովօ» (Իվանովոյի շրջան) եւ «Տիակլեւօ» (Ռիազանի շրջան):
«Աղբիւրը, ուրկէ անօդաչու թռչող սարքերը արձակուած են, արդէն գրաւուած է: Անիկա բեռնատար է», ընկերային ցանցի վրայ գրած է Իրքութսքի նահանգապետ Իկոր Քոպզեւը` աւելցնելով, որ անօդաչու թռչող սարքի յարձակումը Սիպերիոյ մէջ առաջինն էր:
Ըստ ուքրանական լրատուամիջոցներու, ընդհանուր վնասը կը գնահատուի աւելի քան 2 միլիառ տոլարով:


