Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններ

June 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններ` ներկայութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անճու Քեսելի յայտնեց. «Ժողովը աւարտեցաւ: Ժխտական կերպով չաւարտեցաւ»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քիեւ եւ Մոսկուա համաձայնած են իւրաքանչիւր կողմէ սպաննուած 6000 զինուորներու դիակներու փոխանակում կատարել:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար եւ ուքրանական պատուիրակութեան պետ Ռուսթեմ Ումերով ժողովէն ետք յայտնեց. «Համաձայնութիւն գոյացուցինք հիւանդներու, մանուկներու եւ դիակներու փոխանակման վրայ կեդրոնացող գործողութիւններուն շուրջ»:

«Քիեւ չկրցաւ ռուսական առաջարկներուն պատասխանել, որովհետեւ զանոնք միայն երկուշաբթի օր ստացաւ», նշեց ան:

Ռուսիոյ պատուիրակութեան նախագահը, սակայն, յայտնեց. «Կ՛ուզենք, որ Քիեւ ճշդէ ինքնութիւնը ուքրանացի մանուկներուն, որոնց մասին կ՛ըսէ, թէ անոնք Ռուսիա կը գտնուին»:

Ան նշեց, որ ռուսական առաջարկին առաջին բաժինը կը վերաբերի տեւական խաղաղութեան հասնելու կերպին, իսկ երկրորդ բաժինը` զինադադարին:

«Որոշ շրջաններու մէջ երկու կամ երեք օրով զինադադար առաջարկեցինք», ըսաւ ան:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյի հետ քննարկած է Պոլսոյ մէջ նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու նոր փուլը:

Անոնք տեսակէտներու փոխանակում կատարած են ուքրանական տագնապին քաղաքական լուծումի հասնելու տարբեր նախաձեռնութիւններուն շուրջ, մասնաւորաբար «Պոլսոյ մէջ 2 յունիսին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու շարունակման ծրագիրներուն շուրջ»:

Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը իր կարգին յայտարարեց. «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյի հետ քննարկեց ուքրանական տագնապի զարգացումները»:

Դեսպանատունը հաղորդեց, որ երկու կողմերը քաղաքական լուծման նախաձեռնութիւններու շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են եւ քննարկած «Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու ծրագիրները»:

 

 

Նախորդը

Արաղչի. «Եթէ Հիւլէական Բանակցութիւններուն Նպատակը Մեզ Մեր Խաղաղ Գործունէութենէն Զրկելն Է, Ապա Համաձայնութիւնը Կարելի Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.