Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղեմ` Իր Աշխատանքային Ծրագիրին Յանձնառու Ըլլալու»

June 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտրական օրէնքին վերաբերող օրինագիծերու ուսումնասիրման պարտականութիւնը ունեցող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի:

Պու Սաապ նիստէն ետք յայտնեց, որ քննարկումը կեդրոնացած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչուած առաջարկուող նախագիծերուն եւ Ծերակոյտի կազմութեան վրայ, ինչպէս նաեւ այլ առաջարկներու, որոնք նախկին նիստի ընթացքին քննարկման առարկայ եղած են` նշելով, որ օրինագիծերու հեղինակներուն հետ երկխօսութիւնը հանդարտ եւ պատասխանատու էր:

Ան  նշեց, որ քննարկումը ընդլայնուած է` ներառելով Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած բարեկարգչական մեծ խնդիրներ, ինչպէս` Քաղաքական համայնքայնութեան ջնջման ազգային մարմինի կազմութիւնը, Ծերակոյտի ստեղծումը` հասնելով համայնքային դրութենէն դուրս խորհրդարանի ընտրութիւնը:

«Այս բարեկարգումները Լիբանանի մէջ պահանջուած փոփոխութեանց խորքն են, եւ անոնց շուրջ պէտք է քննարկում կատարել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այն խօսքը, թէ անիկա թայմինկի պատրուակով յետաձգուած է, այլեւս ընդունելի չէ, եւ պիտի գայ ժամանակը, երբ լրջօրէն սեղանի վրայ պիտի դրուի»:

Խորհրդարանի փոխնախագահը այս առիթով նաեւ յայտնեց. «Կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք իր կարծիքը յայտնելու ընտրական օրէնքին վերաբերեալ, մանաւանդ որ ան իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ յանձնառու դարձաւ ընտրական արդիական օրէնքի համար աշխատելու, մինչ մենք օրինագիծեր կը քննարկենք, առանց անոր պաշտօնական դիրքորոշումը իմանալու»:

Ան նշեց, որ ենթայանձնախումբը ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրած է նիստին ներկայ գտնուելու, սակայն անոնք ժողովին չեն մասնակցած, ուստի անոնց դարձեալ հրաւէր պիտի ուղղուի յաջորդ նիստին ներկայ գտնուելու:

Պու Սաապ նշեց, որ ենթայանձնախումբի յաջորդ նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ չորեքշաբթի կէսօրին, եւ քննարկումը պիտի յատկացուի ներկայ օրէնքի բարեփոխման կամ ազգային ճիշդ ներկայացուցչութիւնն ու ազգային միասնականութեան ամրապնդումը` ընդգծելով բարեկարգչական օրէնքներու շուրջ աւելի լայն քննարկումի ձեռնարկման վերաբերեալ որոշում տալուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժապեր. «Արտաքին Քաղաքականութիւնը Նախագահն Ու Վարչապետը Կը Ճշդեն, Իսկ Ռաժժիի Դիրքորոշումները Անոր Անձնական Դիրքորոշումներն Են»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.