Այսօր ժամը 16:30-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Թաատոտ Ռիատիի դէմ:
Ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած այս մրցումը անցեալ շաբաթ տեղի պիտի ունենար, բայց յետաձգուած էր, մանաւանդ որ Սաֆա Շուէյֆաթ, որ Ուահտէ Շհիմի դէմ պիտի խաղար, նոյնքան յոյս ունի Բ. հանգրուան հասնելու, եւ որպէսզի խումբերը «այդ հաշիւով» չխաղան, որոշած էր մրցումները նոյն ժամուն կատարել:
Նշենք, որ 6 խմբակներու առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին Բ. հանգրուան: Միայն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմած Բ. խմբակը եւ Զ. խմբակի մրցումները աւարտած չեն, եւ յստակ չեն առաջին երկու դիրքերը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր մրցումը չկատարած իսկ հասաւ յաջորդ հանգրուան:
Այսօր, յաղթանակի պարագային, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի միանայ Ռաուտա Տըքուանէի եւ Շապապ Պըրժի, որոնք իրենց բոլոր (5) մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած են:
Ա. խմբակէն Ռաուտա Տըքուանէ եւ Ռիատի Պարժա, Գ. խմբակէն Ռիատի Արամուն եւ Տերպի Մըրէյժէ, Դ. խմբակէն Եունայթըտ Լեպանոն եւ Ռապիթաթ Ուարտանիէ, Ե. խմբակէն Շապապ Պըրժ եւ Լիուաա Պարժա արդէն իսկ իրենց յաջորդ հանգրուանի տոմսը շահած են ՀՄԸՄ-ի նման:


