Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մակրօ. «Հըզպալլայի Զէնքը Խորքային Հարց Է, Եւ Կը Զօրակցինք Նախագահին Ու Վարչապետին Զէնքի Մենաշնորհի Վերաբերեալ Դիրքորոշման»

May 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ «Ինտիփենտընթ Արապիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի վերաբերեալ Փարիզի կեցուածքը միշտ ալ շատ յստակ էր: Փարիզ միշտ կը զատորոշէ զինուորական թեւին եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութիւն ունեցող քաղաքական թեւին միջեւ»:

«Կուսակցութեան զէնքը խորքային հարց է», նշեց դեսպանը:

Մեկնաբանելով զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումի գործադրութիւնը` ան շեշտեց. «Կը զօրակցինք նախագահ Աունին, եւ ատիկա սկիզբէն ըսինք: Մենք կը զօրակցինք անոր վարած քաղաքականութեան եւ այն կարծիքին ենք, որ լիբանանցիներուն, նախագահ Աունի եւ կառավարութեան իրաւունքն է ճշդել այն ռազմավարութիւնը, որ պէտք է կիրարկեն: Նախագահ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շարք մը առիթներով նշեցին, թէ զէնքին մենաշնորհը պէտք է լիբանանեան պետութեան վերապահուի, եւ մենք կը զօրակցինք այդ դիրքորոշումին եւ այն ձեւին, որոնք այս հարցին մէջ յառաջ կ՛ընթանան»:

«Ամէն պարագայի զէնքին հարցը խորքային հարց պիտի մնայ», ըսաւ Մակրօ` նշելով. «Երբ մէկուկէս տարի առաջ այստեղ եկայ, չէի սպասեր, որ օր մը Հըզպալլայի զէնքի հարցին մասին այսպէս պիտի խօսինք»:

«Զէնքի հարցին զուգահեռ, պէտք է աշխատանք տանիլ բարեկարգումներուն եւ տնտեսական կացութեան վրայ, որովհետեւ այդ բարեկարգումները կատարելու անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի` անկախ կուսակցութեան զէնքի հարցէն», յայտնեց Ֆրանսայի դեսպանը` աւելցնելով. «Ենթադրենք, որ Հըզպալլան վաղը զինաթափուեցաւ, հակառակ ատոր երկիրը շատ դժուար կացութեան մէջ պիտի մնայ, եթէ տնտեսական բարեկարգումները չորդեգրուին»:

«Լիբանանեան բանակը երկրին հարաւին մէջ մեծ աշխատանք տարաւ: Աշխատանքը տակաւին չէ ամբողջացած, սակայն այն, ինչ որ քանի մը ամիսներէ կը տեսնենք, հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի կարողութեան բարձրացում է: Մենք իրապէս ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանանք, եւ կը կարծեմ, որ ամերիկացիները եւս ատոր լաւապէս կը գիտակցին», ըսաւ ֆրանսացի դիւանագէտը:

 

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Քաթարի Դեսպանը

Յաջորդը

Սալամ. «Կառավարութիւնը Հարաւային Լիբանանը Ապազինելու Իր Նպատակներուն 80 Առ Հարիւրը Իրագործեց, Եւ Մենք Յանձնառու Ենք Պետութեան Իշխանութիւնը Ընդլայնելու»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.