Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Նշանակումներ Կատարեց Եւ Զինուորականներու Ամսականներու Յաւելումը Որդեգրեց

May 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց նիստ մը, որմէ առաջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ունեցան առանձնազրոյց մը:

Հանրապետութեան նախագահը նախարարաց խորհուրդի նիստին սկիզբը խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելով սահմանադրական գործընթաց մը ամբողջացուցինք, հակառակ անոր որ ոմանք իրենց գրաւը դրած էին անոնց չկայացման վրայ եւ փորձած էին զանոնք խոչընդոտել»:

«Հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը քուէարկեց, հակառակ իսրայէլեան խախտումներու շարունակման ու վտանգի գոյութեան», նշեց նախագահը:

Աուն նաեւ շեշտեց. «Լիբանան կը սպասէ զբօսաշրջութեան խոստումնալից եղանակ մը` այն յոյսով, որ արաբ զբօսաշրջիկները, մասնաւորաբար սէուտցիները, քաթարցիները եւ էմիրաթցիները վերադառնան, եւ իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է աշխատանք տանի այս եղանակի յաջողութեան համար»:

Նախարարաց խորհուրդը իր երկարաշունչ նիստի ընթացքին Ժորժ Մահրաուին նշանակեց ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն, ինչպէս նաեւ վաւերացուց զինուորականներու յաւելումներու տրամադրման որոշումը, որուն հիմամբ զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուողներուն յատկացուեցաւ 14 միլիոն լ.ո., իսկ հանգստեան կոչուածներուն` 12 միլիոն լ.ո.: Որոշումը պիտի գործադրուի 1 յուլիսէն սկսեալ:

Նախագահ Աունը, վարչապետ Սալամն ու նախարարները դադար մը առնելով նախագահական պալատի ճաշարանին մէջ պալատի պաշտօնեաներուն կողքին ճաշեցին, ապա նախարարաց խորհուրդը շարունակեց իր նիստը:

Նախարարաց խորհուրդը նաեւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի վարչութիւն նշանակեց: Եուսեֆ Քարամ եւ Իպրահիմ Շահրուր վարչութեան փոխնախագահ նշանակուեցան, Ղասսան Խէյրալլա` քարտուղար, իսկ Զիատ Նասր` խորհուրդին մօտ կառավարութեան պատուիրակ: Հուսամ Իթանի, Ժորժիօ Քալլաս եւ Ֆիրաս Ապու Տիապ վարչութեան անդամ նշանակուեցան:

Նախարարաց խորհուրդը նաեւ Ահմետ Ուէյտաթը նշանակեց «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն:

 

 

Նախորդը

Սալամ. «Կառավարութիւնը Հարաւային Լիբանանը Ապազինելու Իր Նպատակներուն 80 Առ Հարիւրը Իրագործեց, Եւ Մենք Յանձնառու Ենք Պետութեան Իշխանութիւնը Ընդլայնելու»

Յաջորդը

Աթէնքի Մէջ Հանդիպում Կայացաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Յունաստանի Վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի Միջեւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.