Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ Հարաւցիներուն. «Ընտրութիւններուն Ձեր Մեծաթիւ Մասնակցութիւնը Մաս Կը Կազմէ Վերաշինութեան, Որուն Պիտի Հետեւինք Քաղաքապետութիւններուն Եւ Պետութեան Հետ»

May 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն շուրջ ուղերձ մը յղելով յայտնեց. «2000 թուականի ազատագրումէն ետք հարաւը վերաշինեցինք, ապա անգամ մը եւս` յուլիս 2006-ի յարձակումէն ետք, եւ այժմ պետութենէն եւ պաշտօնատարներէն առաջ վերադարձաք ձեր հողերը, մարտահրաւէր կարդալով վտանգներուն, եւ զոհողութիւններ կատարեցիք վերատիրանալու համար ձեր հողերուն ու հայրենիքին»:

«Այս տարի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կու գան իբրեւ դիմացկունութեան, ուժեղ կեցուածքի, հողին կառչածութեան, անոր իր ժողովուրդով, պարտէզներով, տուներով եւ բոլոր կենցաղային պայմաններով վերաշինութեան մարտահրաւէր մը: Իսրայէլեան յարձակումին վրայ բոլոր գրաւ դնողները արդիւնքներուն կը սպասեն: Մենք ձեզի խօսք չենք ուղղեր, որպէսզի ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրէք, դուք արդէն յաղթած էք Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի շուրջ ձեր համախմբուածութեամբ եւ բարգաւաճումի եւ հաւատարմութեան ընտրացանկերուն ձեր աջակցութեամբ, Դիմադրութեան ձեր աջակցութեամբ, աւելի՛ն, Դիմադրութիւնը դուք էք: Ձեզի խօսք կ՛ուղղեմ, որպէսզի ընտրութիւններուն ձեր մասնակցութիւնը մեծաթիւ դարձնէք, որպէսզի յաղթանակը հնչեղ ըլլայ», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ իրենք հարաւային Լիբանանի հողէն ոչ իսկ մէկ հատիկ պիտի զիջին եւ իսրայէլեան բռնագրաւումին լիբանանեան հողերէն նոյնիսկ մէկ թիզի վրայ մնալը պիտի չընդունին` աւելցնելով. «Քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն ձեր խուռներամ մասնակցութիւնը մաս կը կազմէ վերաշինութեան, որուն պիտի հետեւինք ընտրուած քաղաքապետութիւններուն եւ լիբանանեան պետութեան հետ, որ պէտք է իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մըթրի. «Ծոցէն Մեր Եղբայրներուն Լիբանան Գալու Մտահոգութիւնները Փարատելու Համար Յառաջադէմ Քայլեր Կատարեցինք»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.