Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս տարեշրջանի իր վերջին ելոյթը պիտի ունենայ` Ռիատիի դէմ 4-րդ ճակատումին:
Ճակատումները 2-1 արդիւնքով ի նպաստ Ռիատիի են, բայց այսօր ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը պիտի յաղթէ` մնալով անպարտելի մեր դաշտին վրայ եւ փաստելով, որ արժանի է հոս հասնելու:
Մանարայի մէջ մեծ տարբերութեամբ 2 մրցումներ կորսնցնելէ ետք, շատ յստակ է, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս քաջալերանքի պէտք ունի վերագրելու իր ինքնավստահութիւնը:
Յոյսով, որ մեծ թիւով համակիրներ ներկայ կ՛ըլլան այսօր դաշտ եւ բարձր կանչերով կը դառնան 6-րդ մարզիկը, որ կ՛օգնէ խումբը յաղթանակի հասցնելու:


