Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

May 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները անցեալ տարուան ընթացքին աւարտեցին այդ ծրագիրը:

Այս սիւնակներով կ՛անդրադառնանք անոնց գրութիւններուն, որոնք կը վերաբերին ծրագիրին իրենց մասնակցութեան եւ իրենց ընդհանուր ձեւին մէջ տպաւորութիւններ են «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասին:

Նշենք, որ ծրագիրին մասնակցող դպրոցներն էին` Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան համալսարան:

Այսպիսով, «Ազդակ» կը փորձէ պահել «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի մասնակցութեան հաստատագիրի բաշխման օրուան ընթացքին այս գրութիւնները լոյս ընծայելու իր աւանդութիւնը:

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Դարձէ՛ք Յաջող Եւ Գիտակից Լրագրողներ

Արդի ժամանակներուն, երբ հաղորդակցութեան եւ լրատուութեան աշխարհը անընդհատ կը զարգանայ, եւ նորարարութիւնները մեծ թափով կը ներգրաւուին մեր առօրեայ կեանքին մէջ, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը բացառիկ առիթ մըն է այն հայ երիտասարդներուն համար, որոնք կ՛ուզեն այս բարդ ու հետաքրքրական ոլորտին մաս կազմել: Ծրագիրը կը նպատակադրէ պատրաստել նոր սերունդի հայ լրագրողները` զանոնք զինելով այն բոլոր մասնագիտական հմտութիւններով, որոնք անհրաժեշտ են յաջող եւ ազդեցիկ լրագրող դառնալու համար: Հայ մամուլի հարուստ աւանդոյթները շարունակելու եւ զանոնք նոր նուաճումներով համալրելու համար ծրագիրին մասնակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի:

Կը հրաւիրեմ բոլոր այն երիտասարդները, որոնք կը սիրեն հայերէնը, կը փափաքին զայն աւելի կատարելագործել եւ ձգտում ունին իրենց ներդրումը ունենալու հայ մամուլի զարգացման գործին` մասնակցելու այս նախաձեռնութեան: Ծրագիրը բացառիկ առիթ է սորվելու, թէ ինչպէ՛ս կը գրուի եւ կը ներկայացուի լուրը, ինչպէ՛ս կարելի է ձեւաւորել որակեալ յօդուածներ` հիմնուած ճշգրիտ փաստերու վրայ: Կը սորվիք ոչ միայն լուրեր եւ յօդուածներ գրել, այլեւ` հարցազրոյցներ վարել եւ գիրքեր վերլուծել: Կը սորվիք նաեւ քաղաքացիական լրագրութեան հիմքերը: «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը նաեւ կը ներգրաւէ ժամանակակից արհեստագիտութիւններու կիրարկումը լրագրութեան մէջ` թուայնացման գործընթացներու, այսինքն` թերթերն ու գիրքերը PDF ձեւաչափի փոխակերպելու եւ զանոնք ուսումնասիրութեան յատուկ որոնելիութեամբ օժտելու հմտութիւններու ուսուցմամբ:

Աւելի՛ն. դուք կը ծանօթանաք արհեստական բանականութեան ազդեցութեան եւ կիրարկման հնարաւորութիւններուն` իբրեւ լրատուութեան գործիքի, սորվելով ճիշդ օգտագործել զայն, որպէսզի ձեր հաղորդակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դառնայ եւ իր նպատակին ծառայէ:

Այս բոլորը անհրաժեշտ են ապագայ լրագրողներուն համար` գիտակից եւ պատասխանատու դառնալու իրենց ասպարէզին մէջ:

Ծրագիրը նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ` ձեզի օգնելով խուսափելու ապատեղեկատուութենէն, մանաւանդ` ընկերային ցանցերու անստոյգ տեղեկութիւններէն, որոնք կրնան վտանգաւոր ազդեցութիւն ունենալ լուրերու տարածման վրայ:

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին միջոցով դուք ոչ միայն կը դառնաք լուրեր գրողներ, այլեւ պատասխանատու լրագրողներ` յստակ ուղիով դէպի յաջող եւ գիտակից լրագրութիւն:

ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԵՀԻՐԼԵԱՆ

Անպայման Ընդառաջեցէք
«
Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրին

 

Մանկութենէս ի վեր հետաքրքրուած եմ լրագրողներու արկածախնդրութիւններով, եւ երբ առիթը ընծայուեցաւ ինծի հետեւելու «Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպած «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ բերի իմ մասնակցութիւնս` դառնալով ծրագիր չորրորդ փուլի մասնակից:

Այս հանդիպումներուն ընթացքին բաւական հետաքրքրական գիտելիքներ փոխանցուեցան մեզի, ծանօթացանք լրագրողական գաղտնիքներուն, աշխատելաձեւին, այցելեցինք տարբեր կեդրոններ եւ վայրեր, նաեւ ծանօթացանք տարբեր դէմքերու:

Այս ծրագիրին հետեւիլը ինծի համար շատ մեծ փորձառութիւն մըն էր: Իմ կարգիս կը քաջալերեմ բոլորը, որ երբ առիթը ընծայուի իրենց հետեւելու նման ծրագիրի մը, անպայման ընդառաջեն:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան, որ այսպիսի շինիչ ծրագիրի մը շուրջ կը համախմբէ աշակերտներ եւ անոնց մէջ ապագայ լրագրողներ դառնալու փափաքը կ՛արթնցնէ:

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԹԱԶԵԱՆ

Շնորհակալագիր

Ամիսներ առաջ «Ազդակ» օրաթերթի անձնակազմը կազմակերպած էր երիտասարդ լրագրողներու հանդիպում: Ես` Էնտրու Քէօմպէճեան, հնարաւորութիւն ունեցայ մասնակցելու այդ նախաձեռնութեան:

Առաջին հանդիպումն էր. կը մտածէի, թէ ի՞նչ բնոյթ կը կրէ ան, ինչե՞ր պիտի ներկայացուէին, պիտի կարենայի՞ մասնակցիլ, պիտի կարենայի՞ շարունակել այդ ծրագիրին հետեւիլ, ի՞նչ մանրամասնութիւններ կը պարփակէր այդ ծրագիրը:

Հանդիպումին յստակացաւ, որ մեր հաւաքը լրագրութեան վերաբերեալ է, մարզ մը, որուն մասին իմ տեղեկութիւններս չափազանց քիչ էին: Բայց եւ այնպէս, ծրագիրը հետաքրքրական էր, եւ հետեւելով անոր, հետաքրքրութիւնս արթնցաւ մատուցուած նիւթերուն նկատմամբ:

Ծրագիրը յագեցած էր դասախօսութիւններով եւ այցելութիւններով, որոնք հետաքրքրական դարձուցին մեր առօրեան: Փոխանցուած տեղեկութիւններու եւ նորութիւններու կողքին, այս ծրագիրը նպաստեց նոր ընկերներ, գործընկերներ ձեռք բերելու, որոնց միջեւ ստեղծուեցաւ ընկերային առողջ կապ:

Ծրագիրի աւարտին, երբ նժարի վրայ դրի ամբողջ մատուցուածը, առաւել հետաքրքրական ու օգտաշատ նկատեցի, որ անձամբ կը նախընտրեմ «Վանայ Ձայն»-ի գործունէութիւնը:

Այցելութեան ժամանակ հանդիպեցայ անձերու հետ, որոնք այդ ոլորտէն ներս մասնագէտներ կը համարուէին, ուսումնասիրեցի հաղորդման փուլերը, մասնագէտները իրենց փորձառութիւնը կիսեցին մեզի հետ եւ խորհուրդներով հարստացուցին մեր գիտելիքները:

Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ»-ի անձնակազմին, որ այս հրաշալի առիթը ընծայեց մեզի:

Մենք այս ծրագիրին շնորհիւ իրազեկ դարձանք այդ ոլորտի բարդ ու դժուար աշխատանքին: Կը գնահատեմ կազմակերպուած ծրագիրը, տրամադրուած ժամանակի ճշգրտութիւնը, ինչպէս նաեւ` բոլորին աջակցութիւնը:

Երախտապարտ եմ`
ԷՆՏՐԻՒ ՔԷՕՄՊԷՃԵԱՆ

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրին
Մասնակցիլը Մեծ Ուրախութիւն Էր

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակցութեանս սկիզբի շրջանին այն կարծիքին էի, որ այս ծրագիրին միայն լրագրութեան յատուկ օրէնքներուն եւ ոճերուն պիտի հետեւինք ու զարգացնենք զանոնք:

Սակայն շատ հաճելի էր եւ անակնկալ, որ բացի լրագրական կանոններէն` սորվեցանք` ինչպէս հարցազրոյց կատարել, ուսումնասիրել, արխիւ պահել, կեղծ լուրը ճշգրիտ լուրէն զանազանել, եւ ընդհանուր գիտութիւն ունեցանք շատ մը ոլորտներու մասին:

Բայց եւ այնպէս ինծի համար ամենասիրելի պահը Պիքֆայայի վանք մեր այցելութիւնն էր: Հոն մենք ունեցանք տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ, խորհրդաւոր մթնոլորտ եւ մտածելու առիթ: Ուրախութեամբ մասնակցեցայ մեր ուրբաթ օրուան բոլոր հանդիպումներուն: Շնորհակալ եմ այս առիթին եւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեանին, որ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ մեզի եւ հետաքրքրական նիւթեր հրամցուց:

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ 

«Շատ ուրախ եմ, որ մասնակցեցայ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին: Շատ հաճելի փորձառութիւն մը եղաւ ինծի համար, օգնեց, որպէսզի բարելաւեմ իմ հայերէնս եւ գիտնամ, թէ ինչպէ՛ս կը գործեն լրագրութեան մէջ:

Վստահ եմ, որ ստացած բոլոր տեղեկութիւններս ինծի պիտի օգնեն շատ մը աշխատանքներու մէջ:

Կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակլութիւն յայտնել «Ազդակ»-ին, որ ինծի տուաւ այս առիթը»:

ՍԵԼԻՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Անցեալ տարուան ընթացքին մասնակցեցայ լրագրութեան հաճելի դասընթացքներու, որոնք շատ հարստացնող փորձառութիւն մը եղան ինծի համար: Առիթը ունեցայ ուսումնասիրելու տարբեր գիրքեր եւ լսելու տարբեր զեկուցումներ, որոնք առիթ մը եղան աւելի լաւ հասկնալու եւ գնահատելու լրագրութիւնը եւ այդ մարզին մէջ կատարուած աշխատանքը: Ինծի համար յատկապէս յիշարժան էր մեր ունեցած վերջին այցելութիւնը, որ Պիքֆայայի դպրեվանքն էր: Շատ տպաւորիչ էր ծանօթանալ եւ գիտնալ դպրեվանքին պատմութեան ու վայելել անոր խորհրդաւոր պահերն ու գեղեցկութիւնը»:

ՀՐԱՅՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ 

«Լրագրութիւնը երբեք հետաքրքրական մարզ մը չէր եղած ինծի համար, սակայն ընդհանուր գիտելիքներու ձեռքբերումն էր, որ գրաւեց ուշադրութիւնս եւ քաջալերեց  մասնակցելու այս ծրագիրին: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, որ մեզի համար պատրաստեց այս գեղեցիկ ծրագիրը` կազմակերպելով հաճելի դասընթացքներ, եւ սկսելով «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն ծանօթացումէն` հասաւ  մինչեւ Պիքֆայայի դպրեվանքի  այցելութիւն: Կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել հայերէնի ուսուցչուհիիս, որովհետեւ շնորհիւ իր քաջալերանքին` կարողացայ ծանօթանալ լրագրական աշխարհին եւ յայտնաբերեցի զիս հետաքրքրող նորութիւններ»:

ԼԻՒՍԻ ԳԱՍԵՄՃԵԱՆ

«Ազդակ»-ի փորձը իսկապէս գեղեցիկ էր: Մենք շատ բաներ սորվեցանք այս ծրագիրին շնորհիւ: Օգտակար դասախօսութիւններէն եւ տեղեկութիւններէն բացի` այցելեցինք նաեւ տարբեր վայրեր եւ նոր բաներու մասին իմացանք: Շատ կը գնահատեմ այս ծրագիրը, որ ինծի համար անմոռանալի փորձառութիւն մը եղաւ»:

ԹԻՖԸՆԻ ԻՏ

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը ինծի համար նորութիւն մըն էր: Այդ մասին ես իմացայ հայերէնի դասատուիս միջոցով: Այս ծրագիրին մասնակցելով` ծանօթացայ շատ մը անձնաւորութիւններու եւ առիթ ունեցայ խօսելու եւ քննարկելու տարբեր նիւթերու մասին` թէ՛ լրագրութեան եւ թէ՛ տարբեր մարզերու վերաբերեալ: Ազգային կառոյցներ մեր կատարած բոլոր այցելութիւնները նորութիւն էին ինծի համար, եւ ուսանելի էր անոնց պատմութիւնը: Խորին շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել «Ազդակ»-ին` մեզի շնորհած այս առիթին համար: Կը մաղթեմ, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը  շարունակէ իր առաքելութիւնը»:

ԾԻԼԱ ԳԱՐՏԱՇԵԱՆ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Դ. Փուլ

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը ապագայի տեսալականով դրուած գրաւ մըն է: Այս ծրագիրին մաս կազմեցի` ընդառաջելով հայերէնի ուսուցչուհիիս առաջարկին եւ հետեւողական կերպով ներկայ գտնուեցայ ծրագիրի բոլոր հանդպումներուն:

Ծրագիրը նոր փորձառութիւն մըն էր ինծի համար, շատ հաճելի էր ու հասկնալի` ամէն իմաստով: Ծրագիրը հետաքրքրական էր, գիտելիքներով լեցուն: Դասախօսութիւններն ու մատուցուած կերպը նաեւ շատ սերտուած էր, ըմբռնելի կերպով ներկայացուած` համբերատար,  ընկերային եւ հաղորդական դասախօսներով:

Իմ կեանքիս մէջ այս ծրագիրը փոփոխութիւն մըն էր, շատ կարճ, բայց եւ այնպէս, շատ լաւ ազդեցութեամբ ու տպաւորիչ կնիքով:

Գոհունակ եւ ուրախ կը զգամ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակցելով եւ կը յանձնարարեմ բոլորին, որ մաս կազմեն անոր, երբ դարձեալ առիթը ընձեռուի»:

ՄԵՂՐԻ ՍԱԼՊԱՇԵԱՆ

Սքանչելի Փորձառութիւն Մը,
Որուն Իսկապէս Երախտապարտ Եմ

2024 թուականի ամենանշանակելի ձեռքբերումներէս մէկը եղաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակցիլս: Իւրայատուկ բախտ մը վիճակուած էր ինծի կարծես:

Սկիզբը խորթ կը թուէր ամէն ինչ, բայց աւարտին անսահման ձեռքբերումներով լեցուած զգացի: Ասիկա առիթ մըն էր, որուն ընթացքին զինուեցայ նորանոր գիտելիքներով, յատկապէս մայրենիիս հանդէպ ունեցած սէրս առաւել եւս բազմապատկուեցաւ հոգիիս մէջ:

Յատկանշական իւրաքանչիւր դասախօսութիւն, դասընթացք կամ այցելութիւն ինքնին առիթ էր անգամ մը եւս նոր հարստութիւն մը ձեռք բերելու:

Սկիզբէն մինչեւ վերջ օգտաշատ եւ խանդավառ ընթացք մը ունեցաւ ծրագիրի գործադրութիւնը:

Ծրագիրին ընթացքին յատուկ դրոշմը ունեցաւ ԳՈՀԱՐ կազմատուն եւ գրադարան այցելութիւնը: Շատ գեղեցիկ էր ինծի համար այդ այցելութեան ընթացքն ու հոն վկայած մանրամասնութիւններս:

Միշտ ալ զարմանալի եւ փակ կը մնայ ամէն բան, մինչեւ գիրքը չբանաս` փորձելով պատասխանդ գտնել: Շատ մը հարցումներու պատասխաններ արդէն լուսաբանուեցան մտքիս մէջ այդ այցելութեամբ:

Կարելի չէ նաեւ չյիշել մեր վերջին հանդիպումը` Պիքֆայայի դպրեվանք այցելութիւնը, յատկապէս` ժամերգութեան երգեցողութեան խորհրդաւորութիւնը, որ հոգիիս մէջ խոր կերպով ներթափանցեց:

Վա՛րձքը կատար` այս գեղեցիկ ու օգտաշատ նախաձեռնութիւնը կազմակերպողներուն: Շնորհակալութիւն` «Ազդակ»-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին եւ իւրաքանչիւր անհատի` իր կատարած ներդրումին համար:

Սքանչելի էր, իսկապէս երախտապարտ եմ:

ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

«Ուրախ եմ հայկական վարժարան յաճախելուս եւ իբրեւ հայ աշակերտուհի` մասնակից դառնալուս «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլին: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել այս ծրագիրը կազմակերպող անձնակազմին:

2 փետրուար 2024-էն 6 սեպտեմբեր 2024 տեւած այս ծրագիրին ընթացքին առիթ ունեցայ մօտէն ծանօթանալու` լուր գրելու ձեւերուն, յօդուածագրութեան կանոններուն ու սկզբունքներուն, ապա` «Վանայ Ձայն»-ի աշխատանքներուն, հարցազրոյց վարելու օրէնքներուն եւ անոր ձեւերուն, հայաստանեան, միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան եւ արագ լրահոսի դրութեան:

Գաղափար ունեցայ նաեւ արխիւներ կամ որեւէ հրատարակութիւն թուայնացնելու մասին:

Ծանօթացայ` հայկական լուրերու աղբիւրներուն, թարգմանական աշխատանքին, արհեստական բանականութեան, ընկերային ցանցերուն, լրագրութեան եւ կեղծ լուրերուն ու թղթակցութիւն պատրաստելու մասին:

Շատ հետաքրքրական եւ արդիւնաբեր այցելութիւններ կատարեցինք ԳՈՀԱՐ գրադարան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Մեծի Տանն Կլիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Պիքֆայա:

Օգտաշատ այս այցելութիւնը իր յատուկ դրոշմը ունեցաւ իմ վրաս: Որքան հետաքրքրական էր, նոյնքան ալ` տպաւորիչ:

Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շերնէզեան բացատրեց հոն գտնուող յուշարձաններուն ներկայացուցած պատգամին մասին եւ ազգային դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին շատ բան սորվեցուց:

Ան մեզի նուիրեց իր գիրքը` «Ունկն դիր, Տէ՜ր», որ կը պարունակէ 100 հարցերու մասին աղօթքներ: Ինծի համար շատ օգտակար է այդ գիրքը, որովհետեւ անոր բովանդակութիւնը կարդալով` աղօթած կ՛ըլլամ իմա ընտանիքիս կամ հարազատներուս համար»:

ՔԱՐԼԱ ՌՈՒՊԷԼԵԱՆ

«Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպած «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը շատ շինիչ կը նկատեմ: Հարազատ զգացի յատկապէս փոխանցուած այն միտքերուն, որոնք մասնաւորապէս վստահելիութեան, հետաքրքրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան հմտութիւնները փոխանցեցին մեզի:

Կը հաւատամ, որ նման նախաձեռնութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, շատ օգտակար են այն աշակերտներուն համար, որոնք հետաքրքրուած են գրելով եւ լուրեր հաղորդելով: Հետեւաբար կը փափաքիմ, որ նմանօրինակ ծրագիրները շարունակուին եւ մատչելի դառնան աւելի մեծ թիւով աշակերտներու համար, որպէսզի անոնք եւս սորվին ու ոգեւորուին այս ուղիով ընթանալու համար»:

ՆՈՐԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Յաջորդը

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.