Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտնեց. «Ան, որ կեցուածքներս իսրայէլեան կը նկատէ, ան միջազգային որոշումները, սահմանադրութիւնը եւ նախագահի երդման ճառը իսրայէլեան կը նկատէ: Միջին Արեւելքի մէջ գնացքը յառաջ կ՛ընթանայ, եւ պէտք է անոր կառչինք, որովհետեւ Լիբանանի պէս փոքր պետութիւնները ազդեցիկ պետութիւններէն աւելի կ՛ազդուին»:
«Չեմ նախընտրեր «նոր Միջին Արեւելք» եզրի օգտագործումը, որովհետեւ ճշգրիտ չէ, որովհետեւ այն, ինչ որ այսօր կը տեսնենք, Միջին Արեւելքի մէջ պատմական նոր փուլի մը սկիզբն է, եւ կը յուսամ, որ Լիբանան կարենայ այս ալիքին հետ ընթանալ, փոխան անոր մէջ խեղդուելու», նշեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանը յանձնառու է Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, եւ խաղաղութենէն առաջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում պիտի չըլլայ:
Ռաժժի նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ ներկայ վարչակարգը ճանչցաւ Լիբանանը իբրեւ հայրենիք եւ անոր անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ խոստացաւ յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ չմիջամտել լիբանանեան ներքին հարցերուն:
Արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Ծոցի արաբական երկիրներու Լիբանանին օժանդակելու պայմանը տնտեսական բարեկարգումներու սկսիլն է, ապազինումը եւ ազդու պետական հաստատութիւններու ստեղծումը, եւ ամերիկեան դիրքորոշումը անոնց պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ յստակ է, եւ անոնք ոչինչ կը թաքցնեն:
«Մեզմէ պահանջուածը տնտեսական լուրջ բարեկարգումներ կատարելն է ու զէնքի մենաշնորհի սկզբունքի գործադրութիւնը, եւ ասոնք երկու հիմնական պայմաններ են վերաշինութեան սկսելու եւ տնտեսական աջակցութիւն ստանալու համար», շեշտեց ան:
Ռաժժի յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ տարբեր տեսակէտներ գոյութիւն ունին. ոմանք զէնքի մենաշնորհի հարցով կ՛աճապարեն, իսկ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հարցը ներկայիս սեղանի վրայ չէ:
«Իսրայէլի հետ ինչի՞ շուրջ պէտք է բանակցիլ, անիկա ներկայիս մեր հողերը բռնագրաւած է», հարց տուաւ արտաքին գործոց նախարարը:


