Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի յայտնեց. «Մեկնարկը տուինք ճամբաներու եւ կամուրջներու վերանորոգման ծրագիրին, եւ այն, ինչ որ այսօր կ՛ընենք, Լիբանանը իրարու կապող ազգային ծրագիր մըն է»:
«Տարիներ շարունակ ծրագիրը կը հետապնդուի, մայրուղիները տարբերակեցինք մնացեալ ճամբաներէն, եւ հրամանը նախարարութիւնը ստանձնելնուս առաջին օրէն տուինք», ըսաւ նախարարը:
«Քաղաքապետութիւններն ու նահանգապետութիւնները մեզի կ՛օգնեն ճամբաները որակելու առումով: Հասարակական անվտանգութեան բոլոր հիմերը ներառեցինք թեքնիք պայմաններուն մէջ, եւ մեր աշխատելաոճը տարբեր է անցեալէն», յայտնեց Ռասամնի:


