ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը, մասնաճիւղի 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, կազմակերպած է զանազան մարզական խաղեր, ուր ֆութպոլի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ այս կիրակի:
Արդարեւ, կիրակի օր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ, ժամը 16:00-ին 10 տարեկանէն վար մրցաշարք մը տեղի կ՛ունենայ:
Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ: Երկրորդ մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի ՀՄԸՄ Ժտէյտէյի դէմ:
Ժամը 17:00-ին, 14 տարեկանէն վար մրցումի մը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ:
Ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վեթերանները պիտի մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիասի վեթերաններուն դէմ:


