Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

May 12, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 10 մայիս 2025-ին, կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր սրբազան քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. պապին ուղղած նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդին, ջերմօրէն շնորհաւորեց զինք` մաղթելով, որ իր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը բացուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Անդրադառնալով ներկայ աշխարհի դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հետեւանքներուն եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան վրայ, վեհափառ հայրապետը շեշտեց եկեղեցւոյ առաքելութեան ու աւետարանչութեան նոր շեշտ տալու հրամայականը եւ այս ծիրին մէջ նորընտիր պապին կարեւոր դերը` իր ունեցած տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ երկար դարերու վրայ տարածուած յատուկ յարաբերութիւն գոյութիւն ունեցած է, Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ, որ յատկապէս վերջին տասնամեակներուն գործնապէս արտայայտուած է միջեկեղեցական սերտ գործակցութեամբ ու աստուածաբանական երկխօսութեամբ:

Իր նամակի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հոգեպէս ու ֆիզիքապէս զօրացնէ նորընտիր պապը` անոր ստանձնած ծանր ու պատասխանատու նոր առաքելութեան մէջ:

Նախորդը

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ

Յաջորդը

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.