Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոն:
Մակրօ նախարար Ռաժժիին յանձնեց ֆրանսական արխիւէն Լիբանան-Սուրիա սահմանին վերաբերող փաստաթուղթեր եւ քարտէսներ:
Ֆրանսայի դեսպանը այս քայլը կատարեց հիմնուելով Լիբանանի խնդրանքին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի վերջերս Փարիզի մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աունը ընդունած ատեն տուած այն խոստումին վրայ, թէ Ֆրանսան Լիբանանի պիտի տրամադրէ փաստաթուղթեր եւ քարտէսներ, որոնք անոր պիտի օգնեն Սուրիոյ հետ ցամաքային սահմաններու սահմանագծման հոլովոյթին մէջ:


