Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

May 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Ժան Հալլաճեան

Յուշագրութիւնը կարելի է սահմանել իբրեւ յուշապատում` կապուած անձնական կամ հանրային յիշատակագրութիւններու, որոնք կու գան լրացնելու հասարակութեան հետաքրքրութիւնը տուեալ անձի կամ ժամանակահատուածի մը իրադարձութիւններուն շուրջ` լուսարձակի տակ առնելով դէպքերու զարգացման ուժականութիւնը, գնահատականներ արձանագրելով` ականատեսի պրիսմակէ դիտուած կամ լսողացի հանգամանքով: Այդ բոլոր յիշատակութիւնները կ՛արձանագրուին առանց շօշափելի առարկայական փաստաթուղթերու առկայութեան, եւ այդ փաստաթուղթերուն բացակայութիւնը հարցականի տակ չ՛առներ նկարագրուած դէպքերու հաւաստիութիւնը:

Ընդհանրապէս յուշապատումի մը վաւերական հանգամանքի ընկալումը կը մնայ ընթերցողի դատողութեան` համընկնեցնելով արծարծուած նիւթը պատմական տուեալ ժամանակին գոյութիւն ունեցող կացութեան, համատեղելով յիշատակուած անձերու-դէպքերու առանցքային հանգամանքները եւ սխրագործութիւնները, նոյնիսկ`  բացթողումները եւ ժխտական գործերը, ընկերութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ խարսխուած համոզումները` վերջնական վճիռը վերապահելով հասարակութեան դատողութեան ընկալման ձեւաւորումին:

Նոյնի՛սկ կանուխ ժամանակներու յուշագրութիւնները պատմիչը արձանագրած է իբրեւ կատարուած իրողութիւններ` հակառակ բացակայող առարկայական աղբիւրներու ու փաստարկներու:

Այսպէս, մեր պատմիչները ժողովրդային խօսոյթները եւ դրուագները, որոնք լսուած եւ դարէ դար փոխանցուած են հեքիաթներու եւ ժողովրդային բերանացի պատումներու տարազին տակ` վաւերագրելով եւ արձանագրելով զանոնք, յաջողեցան կորուստէ փրկել այդ հերոսապատումները, որոնք հարստացուցին ազգի հաւաքական յիշատակարանը:

Նոյնիսկ մեզի հասած ազատագրական պայքարի բոլոր յուշապատումները, վերեւ յիշատակուած օրինաչափութեամբ, փոխանցուած են սերունդներու ուշադրութեան` դառնալով հանապազօր վտիտ աղբիւր տեղեկութիւններու:

Այսպէս, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Մալխասի, Կարօ Սասունիի, Անդրանիկի, Կոմսի եւ բազում գործիչներու օրագրութիւններու արտադրանքով փրկուեցան պատմական այնպիսի մասունքներ, որոնց բացակայութեան, Աստուա՛ծ մի արասցէ, անհամատեղելի բաց մը պիտի ստեղծուէր` իբրեւ սերունդներ կռանող հոգեմտաւոր վառելանիւթ:

Այս ամէնը կ՛ըսենք ընդգծելու համար, որ երբեմն հանրային կեանքին մէջ կը հանդիպինք բացասական մօտեցումներով մեկնաբանութիւններու, ուր կասկածի տակ առնելով դէպքերու եւ դրուագներու վաւերականութիւնը` պարզապէս կը փորձուի ստորագնահատել ներկայացնողի ազնիւ ճիգը եւ կրաւորականօրէն թիրախաւորել ներկայացումը` պատրանքի տպաւորութիւն տալով, որ ստորագրեալը շինծու ձեւով ինքնահաստատման ճիգ կը թափէ այդ դէպքին կամ անձին ընդմէջէն` պարզապէս  լուսարձակի տակ առնուելու եւ ուշադրութեան կեդրոն դառնալու դիտաւորութեամբ:

Վերեւի ներածականը կատարեցի` մեկնակէտ ունենալով արձանագրութիւններս նմանատիպ ժխորէ հեռու պահելու դիտաւորութիւնը, որովհետեւ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի համեստ ժառանգաւորներէն եմ, եւ հաւաքական դաշնակցական յիշողութիւնը գոյաւորելու խոնարհ մէկ ներդրումն է, որ կը փորձեմ կատարել` այլոց ազնիւ ճիգերուն կողքին:

Նպատակս անհետ կորուստէ փրկել է նիւթեր ու դաստիարակիչ դրուագներ, որոնք կու գան հունաւորելու մեր հանրային-հաւաքական յիշողութիւնը:

Նահատակ ընկերոջ հրապարակախօսական աշխատանքին արգասիքը, անհամար յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները մամուլի էջերուն մէջ տարտղնուած են, զանոնք հաւաքագրելու գործը առաջին անգամ կատարեց Նազարէթ Պէրպէրեանը` խմբագրելով հատոր մը, ուր մէկտեղուած են «Ազդակ Շաբաթօրեակ- Դրօշակ»-ի էջերուն մէջ վաղամեռիկ ընկերոջ հրապարակած առաջնորդող յօդուածներն ու խմբագրականները: Այս իմաստով, վերջերս Կարօ Յովհաննէսեանի աչքառու գործը` «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» խորագիրով,  կու գայ լրացնելու եւ առաւել եւս հարստացնելու Զէյթլեան գաղափարախօս մարտիկի նիւթը:

Քաջալերուած կարգ մը ընկերներու ուղղորդումներէն` գրի կ՛առնեմ նահատակ ընկերոջ հետ կապուած յիշատակներս , որոնք առհասարակ դաստիարակչական թելադրականութեամբ կը ներկայանան եւ դաշնակցական ամրակուռ նկարագիր կերտելու յուշարար են: Այս ամէնը կ՛արձանագրենք` հաշուի առնելով, որ կարգ մը փակագիծներ այս օրերուն արդէն բացուած են, աւելի մտերմիկ` հանրութեան ուշադրութեան հրամցնելու զանոնք, հարազատութեան կարգը պահելու բծախնդրութեամբ:

Իմ նկարագրելիք դրուագներս նախապէս շատ սեղմ որոշակի ընկերական  շրջանակի մէջ կիսած եմ, եւ հիմա կը ներկայանայ պատեհ առիթը` զանոնք գրաւոր ամրագրելու, որպէսզի անկեղծ ու ինքնաբուխ վկայութիւններովս լրացնեմ նիւթերը այն գանձատան, որ կը մարմնաւորէ գաղափարի մարտիկ Սարգիս Կալեանի յառաջատար հանգամանքը` հաստատելով, որ իր վաղահաս բացակայութիւնը հանրային կեանքէն ամենեւին զինք չի դասեր խամրած աստղերու կարգին, այլ` ընդհակառակն, ան շնչող ու ապրող էակ է տակաւին` իր մտաւորական ուրոյն պահուածքով եւ ղեկավարի  անժամանցելի տոկուն կրանիթեայ նկարագիրով: Այսպէս, անցնող դարու եօթանասունականներու

վերջաւորութեան եւ ութսունականներու սկիզբը լորանուէր հայորդիներ համակուած էին ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԱՑՈՒՄի եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՄի լոզունգով, եւ զայն դարձուցած` իրենց յայսմաւուրքի հանապազօրեայ մանիֆեստը: Մանաւանդ ընկեր Զէյթլեանի ազգային գաղափարխօսութեան ճառագայթող ցոլքերը լիաթոք շնչելու պատեհութիւնը վայելելով, առաջնորդուելով  հոգեմտաւոր գաղափարական ակօսներու արձակած ինքնատիպ բոյրին պտղաբեր արգասիքներով` սերունդներ դաստիարակուեցան եւ առաջնորդուեցան այդ հսկայի ինքնուրոյն դպրոցին ներքեւ` Դաշնակցութեան աստուծոյ նրբահիւս շարականներով հաղորդուելու, մուտք գործելով ուխտաւորներու տաճարը, նախ եւ առաջ նկատի ունենալով յեղափոխականացումի եւ քաղաքականացումի տեսլականները`  նուիրումի ադամանդեայ շեղբով փշրելու միջազգային անարդարութեան եւ լռութեան պարիսպները:

Դժբախտաբար այդ օրերուն զուգադիպեցաւ, որ Սուրիոյ դաշնակցական ընտանիքը ապրի կազմակերպական ներքին անհասկացողութեան դժուար օրեր: Այս վիճակին հանգուցալուծման իբրեւ գործնական քայլ, ի շարս այլ կարգադրութիւններու, օրուան գործող Բիւրոն, Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ հազուադէպօրէն կիրարկուած լուծումի մը դիմելու հարկադրանքին առջեւ գտնուեցաւ, երբ շրջանին մէջ նշանակեց ՀՅԴ Բիւրոյի լիազօր ներկայացուցիչ` Դաշնակցութեան  կարմիր կնիքով օժտուած, յանձին հանգուցեալ ընկեր Սարգիս Ղազարեանի, որ Սուրիոյ կազմակերպական կեանքին մէջ հանրածանօթ դաշնակցական վաստակաւոր ընկեր էր եւ ունէր հարուստ փորձ` իբրեւ ականաւոր անձնաւորութիւն, վայելելով գաղութային ազգային-կազմակերպական ոլորտին մէջ ստուար զանգուածի մը արժանաւոր ակնածանքի վերաբերմունքը:

Այդ ժամանակահատուածին կը վարէի երիտասարդական պատասխանատու պաշտօններ` երբեմն հանդէս գալով դեռատի «գրոց ու բրոց»-ի պահուածքով:

Ղազարեան օր մը զիս կանչեց իր համեստ խանութը` իր ձեռամբ պատրաստուած կիտրոնի եռացած հիւթը հրամցնելով, եւ գողտրիկ շունչով յայտնեց, թէ որոշած է ինծի վստահիլ նուրբ գործ մը, զոր պարտաւոր եմ կատարել ծայր աստիճան բծախնդրութեամբ: Արդ, ան պարզեց, թէ մէջս նկատելով դաշնակցական որոշ աւանդութեանց նկատմամբ հակումներ եւ գրական հետաքրքրութիւն, որոշ ժամանակաշրջանի մը համար հիւրաբար Սուրիա այցելող Բիւրոյի ընկերոջ` Սարգիս Զէյթլեանին ընկերակիցը պիտի ըլլայի` հաշուի առնելով, որ այս պատեհ առիթին ընդմէջէն, նաե՛ւ մտերմիկ զրոյցներու բովով, առիթ մը պիտի ներկայանար, որ նաե՛ւ երիտասարդական խանդոտ ազգային -կուսակցական նիւթերու ծարաւս յագեցնեմ` լուսաբանուելով հաւաստի աղբիւրէ, հասարակ բազմադիմի նիւթերու քննարկումով:

Կը հաւատամ, որ ընկեր Ղազարեանի յանձնարարականին դիտաւորութիւնը, ի շարս այլ «նրբութիւններու», ի մտի ունէր, որ այդ դաստիարակչական շունչը ընդգծեալ ձեւով հոգեմտաւոր դեռատի աշխարհիս մէջ պիտի ամրագրէր ազգային գերխնդիրներու գիտակից մօտեցում եւ զիս ա՛լ աւելի հիմնաւորեալ պիտի մօտեցնէր դաշնակցական գործին` մէջս յղկելով եւ ամրագրելով ուղղակի փոխանցուած որոշակի գիտելիքները:

Հանդիպման աւարտին ան փոխանցեց մանրամասնութիւններ` ինծի վստահուած յանձնարարութեան եւ կեցութեան ու կայանալիք հանդիպումներուն շուրջ տուեալներ նշելով: Ապա արագ քաջալերական խօսքերով ձեռքս սեղմեց եւ յաջողութիւն մաղթելով` «անցի՛ր գործի» հրահանգը տուաւ:

Մինչ այդ, երիտասարդական խնդութեամբ շոյուած, թափ տալով երեւակայութեանս, վերապրելով ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի յօդուածներուն փոխանցած խորհուրդներով, պրկուած ներաշխարհով կ՛ուրուագծէի անձին ու խառնուածքին առանձնայատկութիւնները:

Այս ալ արձանագրեմ, որ առաջին հպանցիկ հանդիպումս Զէյթլեանի հետ պատահեցաւ 1980-ին, Պէյրութի մէջ գումարուած ՀՅԴ երիտասարդական համագումարի օրերուն: Օրին մեծ տպաւորութիւն ձգեց վրաս իր եւ հանգուցեալ ընկեր Էդիկ Յովհաննիսեանի միջեւ քուլիսներու ետին կարծր բանավէճի մթնոլորտը` կապուած Հայ դատի հասկացողութիւններուն եւ կիրարկուելիք գործնական մարտաւորութիւններուն շուրջ` տեսակէտներու բուռն բախումով: Գաղափարական երկուստեք անկեղծ բանավէճի բարձրորակ տիպի կենդանի «մենամարտ»-ի մը առաջին անգամ ներկայ կ՛ըլլայի: Ընկ. Զէյթլեան իր ամրակուռ տրամաբանութեամբ եւ խիստ դատողութեամբ երիտասարդ հոգիիս մէջ դրոշմեց դրական տպաւորութիւն, որ չէր տարբերեր գրիչի ներկայացումներէն, այդպիսով ան մէջս ամրագրեց գրչի մարդու կերպարով մաքառող մաթատորի` «ցուլասպան»-ի տիպարը: Աւելի նուազը չէր ընկեր Էդիկին խիզախ եւ այլախոհ մտածումներու ահարկութիւնը:

Կարօ Յովհաննէսեան Զէյթլեանի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերեալ իր խմբագրած գիրքին մէջ իրաւացիօրէն կը վկայակոչէ, որ` «գաղափարապէս տրամագծօրէն իրարու հակառակ մարդիկ ու մտաւորականներ իրարու հետ յաճախ կը վիճէին նոյն սրահին մէջ` արժանաւոր լրջութեամբ, ապա, մանաւանդ, միեւնոյն սեղանին շուրջ կը բոլորուէին` իբրեւ սոսկական հայեր, մոռցած ամէն տարակարծութիւն եւ ամէն հակամարտութիւն: Ատելավառ կիրքը չէր հակամարտ կողմերը վարող ոգին, կոյր թշնամանքը չէր, այլ ազնուական ապրումն էր գաղափարական մարդու, յեղափափոխական մարդու մաքրութիւնը, շիտակութիւնը»: Այդպէս կ՛արտացոլար այդ անմահներուն նկարագրային գիծը, որ դարձած էր կենցաղ եւ մշտական վարք ու նկարագիր:

Այսպէս, առաջին հանդիպման տպաւորութեանս ալիքներով տարուբերած , կը փորձէի համատեղել ինծի վստահուած առաքելութիւնը` մտածումներուս հեւքոտ վազքի առանցքային որոնումներու շղթայի հիւսուածքին հետ, կեդրոնանալով այն միտքին վրայ, թէ ի՛նչ յարմարագոյն միջոցներով ի կատար պիտի ածէի այս «նուրբ գործ»-ի մանրամասնութիւնները:

Առ այդ, ժամե՜ր լարուած վիճակով կը տատանէի, սուղ «ԱՄԱՆԱԹ»-ի ստանձնման զգացական եւ խորհրդաւոր պահուն սպասումով:

Թորոնթօ, 21 ապրիլ 2025

(Շար. 1)

Նախորդը

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Յաջորդը

33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքներով Ազատագրուեցաւ Հայրենի Բերդաքաղաք Շուշին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.