Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմով յայտարարած է. «24 ռուսական ընկերութիւններ արդէն ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու Ղարաբաղի վերականգնման ծրագիրներուն»:
«Ես Խանքենտիի (Ստեփանակերտ, «Ա.») մէջ եղած եմ այնտեղ խաղաղապահներու ներկայութեան ժամանակ, տեսած եմ քաղաքի թէ՛ հին, թէ՛ ազատագրումէն ետք արդէն վերականգնուած հատուածը: Մեր ԿԱՄԱԶ-ը առաջինը սկսած է այնտեղ աշխատանքը: Ասթրախանի շրջանը Ղարաբաղի մէջ մանկապարտէզ կը կառուցէ, մինչեւ ամառ անիկա պիտի նուիրաբերուի ազրպէյճանցի երեխաներուն», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը:
Եւտոքիմով աւելցուցած է, որ Ղարաբաղը իր գեղեցկութեամբ ապշեցուցած է զինք:


