«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը շատ հետաքրքրական էր, ուր սպասուածին նման Պարսելոնա ինք չէր, որ նշանակեց նախ, այլ Ինթեր Միլան ինք ոչ միայն մէկ, այլեւ երկու կոլեր նշանակեց առաջին 21 վայրկեաններուն, շնորհիւ նետերլանտցի Տումֆրիչի, որ առաջին կոլի փոխանցումը կատարեց ֆրանսացի Թիւրամի, իսկ երկրորդին անզսպելի վոլէով նշանակեց, երբ Պարսելոնա սկսած էր լրջօրէն վտանգել Ինթերի բերդը: Պարսելոնա մինչեւ կիսախաղ 2 կոլ նշանակեց` շնորհիւ Լամին Եամալի եւ Ֆեռան Թորեսի:
Բ. կիսախաղին, Ինթեր զգուշ հակայարձակումներու վստահեցաւ եւ Տումֆրիզի շնորհիւ կոլ մը նշանակեց, որմէ հազիւ վայրկեան մը ետք Ռաֆինիա անզսպելի զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց Պարսելոնայի 3-րդ եւ հաւասարութեան կոլը… բերդապահ Զոմըրի օգնութեամբ:
Արդարեւ, Զոմըր ձեռքով գնդակը զսպեց, որ սակայն դպնալէ ետք ձողին, դպաւ անոր կռնակին եւ զետեղուեցաւ Ինթերի բերդին մէջ:
75-րդ վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեան կոլ մը նշանակեց, բայց… ՎԱՐ-ի կրկնութիւնները երկար ստուգելէ ետք ի յայտ եկաւ, որ իբրեւ թէ անոր կօշիկին փոքր բաժինը օֆսայտի դիրքի վրայ էր, բան մը, որ Ինթերն ու Մխիթարեանը զրկեցին կոլէ մը:
Երեքշաբթի օր դարձի մրցումը կը խոստանայ ծայր աստիճան հետաքրքրական ըլլալ Միլանոյի մէջ:


