Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի Սաներու Գրիչով. Մշակութային Ցեղասպանութեան Վտանգը

April 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱԲՐԻԷԼ ԹԱՀԱՆԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը հազարամեակներ շարունակ ստեղծած ու պահպանած է եզակի ու հարուստ մշակոյթ, որ ձեւաւորած է իր ինքնութիւնը: Բայց պատմութեան ընթացքին, տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին, հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու փորձեր եղած են: Այսօր եւս մշակութային ցեղասպանութեան վտանգը կը մնայ, յատկապէս երբ մեր պատմական արժէքները եւ մշակութային ժառանգութիւնը դիտմամբ կը վերացուին:

Մշակութային ցեղասպանութիւնը կրնայ արտայայտուիլ տարբեր ձեւերով: Սպանութեան կամ բռնի տեղահանման միջոցով ոչ միայն աշխարհի երեսէն կը փորձեն  մարդիկ վերացնել, այլեւ կը քայքայեն անոնց մշակութային հիմքերը, ինչպէս` լեզուն, աւանդութիւնները, արուեստն ու կրօնը: Պատմութեան ընթացքին, ասիկա արտայայտուած է հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու կործանումով ու հայկական ձեռագիրներու ոչնչացումով: Մշակութային ժառանգութեան դէմ ուղղուած այս քայլերը ոչ միայն վնաս կը հասցնեն հայ ժողովուրդի ինքնութեան, այլեւ կը խախտեն միջազգային օրէնքները:

 

Այս խնդիրներու լուծումը համազգային ջանքեր կը պահանջէ: Աւելորդ չէ յիշեցնել, որ միջազգային կազմակերպութիւնները, գիտնականները եւ մշակութաբանները պէտք է աշխատին հայկական մշակոյթի պաշտպանման ուղղութեամբ: Կրթական ծրագիրներու եւ պատմութեան ճշգրիտ ներկայացման միջոցով կարելի է պայքարիլ այս մշակութային ցեղասպանութեան դէմ: Ամէն հայ կրնայ իր արդիւնաւէտ աշխատանքը ունենալ` ճանչնալով, ուսումնասիրելով եւ տարածելով իր մշակոյթը:

 

Հայկական մշակոյթի պաշտպանութիւնը ոչ միայն պատմական պարտաւորութիւն է, այլեւ պայքար` ինքնութեան պահպանման համար: Մենք պէտք է յիշենք, որ մշակոյթը ժողովուրդի հոգեւոր ամրոցն է, եւ անոր կորուստը կրնայ պատճառ ըլլալ ազգի ոչնչացման:

 

 

Նախորդը

Դպրեվանքի Սաներու Գրիչով. Մեր Պայքարը Նահանջ Չունի

Յաջորդը

Դպրեվանքի Սաներու Գրիչով. Տեսիլք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.