Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի Սաներու Գրիչով. Յարատեւ Պայքար

April 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ ԱՍԱՅԵԱՆ

Դարերու ընթացքին հայ ազգն ու հայ մշակոյթը թշնամի ազգերու թիրախ հանդիսացած են: Մեր հայրենիքը իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով պահանջուած գօտի մըն է բազմաթիւ ազգերու կողմէ, որովհետեւ անիկա շահութաբեր կեդրոն կրնայ դառնալ, եթէ տիրանան անոր:

Հայոց պատմութեան ամէնէն խոցելի ժամանակահատուածը եղած է 1915 թուականը: Այդ օրերուն անարգ թուրքին հասցուցած վնասները տակաւին չեն սպիացած եւ դժուար թէ սպիանան, մինչեւ այն ատեն որ անիկա մինչեւ օրս կը շարունակէ իր դարաւոր երազը իրագործել ուրիշ պետութիւններու ձեռքով եւ կամ իր ձեռքին խաղալիք դարձնելով կարգ մը ղեկավարներ:

Թուրքերը, նախքան 1915 թուականը, արդէն իսկ սկսած էին իրենց հրէշային ծրագիրին գործադրութեան. անոնց նպատակն էր միայն մէկ հայ ձգել աշխարհի երեսին, այդ ալ` թանգարանին մէջ: Անոնք մէկ նպատակ չէին հետապնդեր. տեղահանութիւնը ամէնէն դիւրին միջոցն էր տիրելու հայկական հողերուն, այդ իսկ պատճառով անոնք ենթահող մը կը պատրաստէին իրականացնելու իրենց ծրագիրը` ծանր տուրքեր սահմանելով, խուժելով քրիստոնեաներուն (կեաւուրներուն) տուները եւ այլ անմարդկային  արարքներ իրագործելով, որոնք հայ ընտանիքները յուսահատութեան ու յուսալքումի կը մատնէին. շատեր կը ձգէին իրենց տուները եւ կը հեռանային ուրիշ շրջաններ: Թուրքերուն ծրագիրը բառին ամբողջական իմաստով ցեղասպանութիւն էր. անոնք կը հրկիզէին մշակութային ու հոգեւոր բոլոր կեդրոնները, ինչպէս նաեւ` ձեռագիր մատեաններն ու գիրքերը, որպէսզի ոչինչ մնայ հայութենէն: Անոնք լկտիաբար կը վարուէին հայ աղջիկներուն եւ կիներուն հետ, այդ պատճառով ալ մեծ թիւով հայուհիներ, չպղծուելու համար, իրենց անձերը կը յանձնեն Եփրատի ալիքներուն:

Այսօր ալ թուրքը նոյնն է, իր եղբայր կոչեցեալ ազերին կ՛օգտագործէ իբրեւ իր ձեռքին խաղալիքը, որպէսզի աշխարհին իր անունը անարատ թուի:

Պէտք է գիտակցինք ու հասկնանք, որ թուրքը միշտ պիտի ջանայ իր երազը իրականացնել, սակայն մեզմէ շատ բան կախեալ է. կա՛մ մենք թուրքին պիտի ընծայենք այդ փառահեղ յաղթանակի զգացումը, կա՛մ ալ ամբողջ հայութիւնը պիտի միաւորուի իբրեւ մէկ բռունցք` պայքարելու անոր դէմ: Իբրեւ հարազատներ կորսնցուցած, իբրեւ հող ու մշակոյթ կորսնցուցած հայորդիներ` պարտինք մեր անկոտրում կամքով, իբրեւ Թորգոմեան տան զաւակներ ու ջահակիրներ, աշխարհի տարածքին  ուր ալ գտնուինք, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, միասնական ոգիով ու միակամ ճիգով քաղաքական եւ ազգային յաղթանակներ ձեռք բերել, որովհետեւ սփիւռքը զէնքն է ու պայքարը, իսկ ամբողջական Հայաստանը`  նպատակը:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Նորայր Պէնօհանեան` Աղեքսանդրիոյ Հայութեան «Հայրիկ»-ը

Յաջորդը

Դպրեվանքի Սաներու Գրիչով. Մեր Պայքարը Նահանջ Չունի

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.