Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրները Թեկնածու Երկիրներուն Տուած Են «Շատ Յստակ» Ցուցմունք` Չմասնակցիլ 9 Մայիսին Մոսկուայի Զօրահանդէսին

April 16, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիրներուն հասկցուցած են, որ անոնք պէտք չէ մասնակցին 9 մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք զօրահանդէսին: «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երկուշաբթի օր Լիւքսամպուրկի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մեկնարկէն առաջ յայտարարած է Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Պայպա-Պրաժէ:

«Երէկ մենք զբաղուած երեկոյ ունեցանք` ընթրիք արեւմտապալքանեան գործընկերներու հետ… Շատ քննարկումներ եղան արժէքներու, ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան համակարգման, ներառեալ պատժամիջոցներու մասին: Այդ շարքին` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն շատ յստակ ցուցմունքը թեկնածու երկիրներուն` չմասնակցիլ Մոսկուայի մէջ 9 մայիսին կայանալիք շքերթին, չկատարել նման ուղեւորութիւններ, որովհետեւ ատիկա պիտի չհամապատասխանէ Եւրոպական Միութեան արժէքներուն», ըսած է Պրաժէ:

Ատիկա մամլոյ ասուլիսի ժամանակ հաստատած է նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: «Մենք թեկնածու երկիրներուն հասկցուցած ենք, որ անոնք պէտք չէ ներկայ գտնուին 9 մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք զինուորական շքերթին», ըսած է Քալլաս:

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքի, իր կարգին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկան, իր եւ Քայա Քալլասի հետ համաձայնութեամբ, նախարարները հրաւիրած են 9 մայիսին Լվովի մէջ կայանալիք հանդիպումին: «Կը կարծեմ` ատիկա հիանալի գաղափար է ցոյց տալու, որ Եւրոպան Ուքրանիոյ, ոչ թէ Փութինի կողքին է` Մոսկուայի մէջ: Ես համաձայն եմ նաեւ Քայա Քալլասի հետ, որ անդամ պետութեան կամ թեկնածու երկրի որեւէ ներկայացուցիչի Մոսկուա ներկայութիւնը այդ պետութեան համար խայտառակութիւն պիտի ըլլայ», ընդգծած է ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը. Շաբաթ Օր` Պասքեթպոլի Ազգային Օր

Յաջորդը

Ռիթքոֆ. «Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրի Ստուգումը Իրանցիներուն Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Կարելիութեան Գլխաւոր Կէտը Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.