Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քաղաքապետական ընտրութիւններու յետաձգումը կտրուկ կերպով մերժելի է եւ ամբողջովին բացառուած, ուստի թեքնիք, գումակային, իրաւական, քաղաքական կամ քաղաքապետական պատճառ մը չենք տեսներ ընտրութիւնները նոյնիսկ մէկ վայրկեանով յետաձգելու»:
«Բաւարար ժամանակ չկայ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու օրէնքի որեւէ բարեփոխում կատարելու, մանաւանդ որ այս ընտրութիւններու շեմին կը գտնուինք, եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու օրէնքի բարեկարգումներուն ձեռնարկելը կրնայ ընտրութիւնները յետաձգելու առիթ ստեղծել, ինչ որ չենք ուզեր», նշեց Պըրրի:
Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի քաղաքապետութեան ընտրութեան, խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ պէտք է մայրաքաղաքի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ հաւասարութիւնը պահպանել, եւ բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին այդ նպատակի իրագործման եւ զայն չխախտելու համար:


