Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները

April 11, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2025-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ կուսակցութիւններու Լիբանանի մարմիններու ատենապետներուն։

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն բնոյթին եւ հիմնական առաջադրանքներուն մասին։ Ան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն բովանդակութեան առանցքը պիտի ըլլան շարունակուող ցեղասպանութիւնները, որոնք գործադրուեցան Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Կազայի։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միացեալ աշխատանքները եւ ընդգծեց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով տարուող միասնական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։

Լիբանանի հանրային կարծիքին ուղղուած պատգամներուն կարեւորութիւնը շեշտելով՝ Հայրապետը ընդգծեց Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի տարած քարոզչական աշխատանքներուն հակազդելու հրամայականը, միաժամանակ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով Վատիկանի Կրէկորեան համալսարաանին մէջ Պաքուի իշխանութիւններուն կազմակերպած «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի Մէջ» խորագրով պատմական իրողութիւները նենգափոխող նախաձեռնութեան առիթով։

Պատուիրակութեան անդամները նաեւ յայտնեցին, որ 110 ամեակի կեդրոնական մարմինն ու միջ-երիտասարդական յանձնախումբը կը համակարգեն նահատակաց հրապարակին վրայ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան տեղի ունենալիք քաղաքական հաւաքին եւ նոյն օրուան գիշերը Պիքֆայայի յուշարձանին հովանիին տակ կայանալիք համա-երիտասարդական հսկումին աշխատանքները։ Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ խիտ շարքերով ներկայութիւն պիտի ըլլան Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Սուրբ Պատարագին եւ անկէ ետք Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ կատարուելիք բարեխօսական կարգին եւ հայրապետական Ապրիլ 24-եան ոգեշունչ պատգամին։

 

Նախորդը

Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը «Ազդակ»

Յաջորդը

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.