Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիան Կը Հետեւի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանային Կացութեան Եւ Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ»

April 10, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային կացութեան, ներառեալ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուող հաղորդագրութիւններուն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով ազրպէյճանական կողմի` սահմանին վրայ կրակ բացուելու մասին հաղորդագրութիւնները, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ:

«Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու, անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու կացութեան հանդարտեցման ուղղութեամբ, խուսափելու կացութեան վատթարացման յանգեցնող որեւէ գործողութենէ:

«Բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ, քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբով: Ռուսիան իր կողմէ պատրաստ է աջակցելու գործընկերներուն մնացեալ հակասութիւնները յաղթահարելու համար` խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, փոխադրամիջոցային, տնտեսական հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու, սահմանազատում կատարելու, մարդասիրական հարցերը լուծելու նպատակով` հաշուի առնելով Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համալիր համաձայնութիւնները», ըսած է ան:

«Համոզուած ենք, որ ռազմավարական կարեւոր շրջանին մէջ` Հայաստանի հարաւին մէջ, Ռուսիոյ ներկայութեան հետեւողական ընդլայնումը կը համապատասխանէ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ ընդհանուր առմամբ շրջանի երկարաժամկէտ շահերուն», յայտնած է Զախարովա:

«Հաշուի առնելով այն աւանդական խնդիրները, որոնք արտերկրի մէջ  Ռուսիոյ հիւպատոսական հաստատութիւնները կը լուծեն, այս քայլը, կը կարծենք, կրնայ զգալի խթան հանդիսանալ այս տարածքի եւ Ռուսիոյ շրջաններուն միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու, գիտակրթական, մշակութային եւ մարդասիրական համագործակցութեան խորացման, կապերու հաստատման… Կ՛ակնկալենք, որ մինչեւ մայիս պիտի կարողանանք որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերել Սիւնիքի մէջ մեր հիւպատոսարանի բացման ժամկէտներուն վերաբերեալ», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նախորդը

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Ուիթքոֆ Կրնայ Օման Չճամբորդել, Եթէ Իրանցիներուն Հետ Բանակցութիւնները Ուղղակի Չըլլան»

Յաջորդը

Ալիեւ. «Քանի Տարածքային Պահանջները Վերցուած Չեն, Ճակատումի Վտանգը Միշտ Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.