Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Քանի Տարածքային Պահանջները Վերցուած Չեն, Ճակատումի Վտանգը Միշտ Պիտի Ըլլայ»

April 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ «Էյ.Տի.Էյ.» համալսարանին մէջ «Դէպի նոր աշխարհակարգ» խորագիրով միջազգային համախմբումի ժամանակ յայտարարած է. «Ազրպէյճանի հարցին մէջ Հայաստանի քաղաքական հաստատութեան մէջ տարակարծութիւններ չկան. հայկական քաղաքական վերնախաւը այդ հարցին մէջ համախմբուած է: Ատիկա ուղղակի բառապաշարի, վարքագիծի եւ մարտավարութեան հարց է: Սակայն ատոր էութիւնը չի փոխուիր, եւ մենք պէտք է ատոր պատրաստ ըլլանք: Քանի տակաւին ստորագրուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ Հայաստանը ամբողջովին չէ հրաժարած Ազրպէյճանի նկատմամբ բոլոր տարածքային պահանջներէն, որոնք տակաւին գոյութիւն ունին իրենց սահմանադրութեան մէջ, եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու իր կեցուածքին մէջ անկեղծութիւն չէ դրսեւորած, նոր զինուորական ճակատումին վտանգը միշտ պիտի ըլլայ»:

Ալիեւ վերստին պնդած է, թէ սպառնալիք է նաեւ Հայաստանի կողմէ սպառազինութիւն ձեռք ձգելու փորձերը:

«Մենք վերականգնած ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, վերջ դրած անջատողականութեան եւ վերահսկողութեան տակ առած մեր սահմանները: Եւ մեզի համար այդ հարցը փակ է: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պարզապէս պիտի անտեսենք կարողական սպառնալիքները եւ կարողական վտանգը», նշած է Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով. «Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք հակահարուած տալու»:

«Կը կարծեմ, որ պէտք չէ ժամանակ կորսնցնենք, որովհետեւ երբ խօսքը խաղաղութեան պայմանագիրի մասին է, գնդակը Հայաստանի դաշտին մէջ է», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, եթէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրեն, ապա «ասիկա կրնայ ազդանշան դառնալ համագործակցութեան մեկնարկի համար»:

Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ բաժանարար գիծեր գծելու երրորդ կողմերու փորձերը յաջողութիւն պիտի չունենան:

«Պատրաստ ենք փոքր քայլեր սկսելու` Հայաստանի հետ վստահութիւն ստեղծելու համար, բարեկամութեան կամ տնտեսական համարկման մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է, սակայն առաջին քայլերը կարելի են», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, քանի մը նման նախաձեռնութիւններ առաջարկած են վրացի գործընկերները, եւ Պաքուն դրական պատասխան տուած է: Այժմ կը սպասեն Երեւանի արձագանգին:

Իբրեւ հաւանական քայլեր Ալիեւ նշած է լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները, անդրսահմանային գետերու առնչուած հարցերու համատեղ քննարկումները:

Ալիեւի համաձայն, Գերմանիան սկիզբը չէ ուզած Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի ընկերային ցանցի պաշտօնական էջին վրայ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան դրօշի պատկերի հրապարակման համար հրապարակային ներում հայցել` սահմանափակուելով միայն «Մեր մէջ ըսած ատիկա սխալ էր» խօսքերով:

«Սակայն Ազրպէյճանը պնդած է, որ պաշտօնապէս ներում հայցեն, ատկէ ետք Գերմանիան ստիպուած եղած է ատիկա ընել», ըսած է ան:

Ազրպէյճան պիտի չկատարէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) տուած որոշումները:

Ըստ անոր, ատոր պատճառը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ ազրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու դադրեցումն է:

«Եթէ ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը չմասնակցի վեհաժողովի նիստերուն եւ չկարենայ քուէարկել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի դատաւորներու ընտրութեան օգտին, ապա Ազրպէյճանի վերաբերեալ այդ դատարանի որոշումները պիտի նկատուին անվաւեր: Մենք զրկուած ենք ձայնի իրաւունքէն», նշած է Ալիեւ:

 

 

Նախորդը

Զախարովա. «Ռուսիան Կը Հետեւի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանային Կացութեան Եւ Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ»

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Իրանի Զինեալ Ուժերու Յատուկ Նշանակութեան Ստորաբաժանումները Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.