Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

14 Տարուան Դադարէ Ետք Վերահրատարակուեցաւ «Zavarian Review»-ն

April 10, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1979-ին Զաւարեան ուսանողական միութիւնը պահանջը զգաց իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ միտքերը տարածելու ոչ միայն հայ ուսանողութեան եւ հայ համայնքին, այլ Լիբանանի բոլոր ուսանողներուն: Այս նպատակով հրատարակեց «Zavarian Monthly»-ն, որ նախնական շրջանին անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով էր, իսկ հետագային նաեւ աւելցաւ ֆրանսերէն լեզուն եւ կոչուեցաւ «Zavarian Review»:

Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակին առիթով վերահաստատեցինք այս պահանջը, եւ այս տարի պարբերաթերթը կրկին լոյս տեսաւ 14 տարուան դադարէ ետք, գիտակցելով, որ միութեան համար թանկարժէք ժառանգութիւն մըն է անիկա, որ պէտք է ապրի եւ փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Թէեւ այժմ կ’ապրինք նորարարութիւններու աշխարհին մէջ, սակայն մեր սերունդը ի շահ նորարարութեան` նախկին արժէքները չի մոռնար, եւ մեր սերունդը գիտէ աւանդական գրութեան արժէքը. անիկա մեր յիշողութիւնն է, մեր ինքնութիւնը, մեր հոգեկան ու մտաւոր ժառանգութիւնը: Գիրը` ըլլայ տպուած թուղթին վրայ կամ թուային կերպով մեր հեռախօսներուն մէջ, սահմանափակուած չէ իր ձեւաչափով, այլ իր կարողութեամբ` ներշնչելու, տեղեկացնելու եւ գոյատեւելու:

Այսօր, երբ աշխարհը աւելի փոխկապակցուած է, աւելի քան երբեք, մեր կարծիքները սահմաններ չեն ճանչնար: Բայց եթէ մենք մեր խօսքը միայն մէկ լեզուով արտայայտենք, ան կրնայ մնալ փակ շրջանակի մը մէջ, հասանելի` միայն մեր անմիջական միջավայրին: Այդ իսկ պատճառով քաղաքական մտածողութիւնը, գաղափարները եւ տեսլականները պէտք է տարածուին տարբեր լեզուներով, որպէսզի լսելի դառնան եւ ազդեցութիւն ունենան աւելի լայն շրջանակներու վրայ:

Օրինակ, երբ կը խօսինք Արցախի մասին, անհրաժեշտ է, որ մեր պատմութիւնն ու փաստարկները չմնան միայն հայերէնով: Եթէ մենք լռենք, ուրիշները պիտի լեցնեն այդ բացը` իրենց շահերուն համապատասխանող պատմութիւններով:

Մեր ժամանակները տեղեկատուութեան պատերազմներու շրջան են. ո՛ր պատմութիւնը աւելի արագ կը տարածուի, ան ալ կը ձեւաւորէ հանրային կարծիքը: Ահա թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է խօսիլ, կիսուիլ եւ գլխաւորը` բազմալեզու կերպով արտայայտուիլ: Արդ, «Zavarian Review»-ն միշտ պիտի մնայ Զաւարեան ուսանողական միութեան ձայնը:

Նախորդը

Ծաղկազարդ Եւ Աւանդութիւններ

Յաջորդը

«Զաւարեան Նոթատետր»-ը` Հայկականութիւն Ներշնչող Աղբիւր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.