Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Անգարայի քայլերը կապուած են Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար Ազրպէյճանի յառաջ քշած պայմաններու կատարման: Այս մասին, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ «Դէպի նոր աշխարհակարգ» նիւթով 7-րդ քաղաքական ֆորումի ժամանակ ըսած է Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Չաղրը Էրհան:
Ան ընդգծած է, թէ Անգարա-Երեւան կարգաւորումը կարելի է, եթէ Հայաստանը ճանչնայ Ազրպէյճանի անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը:


