Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաղերի յայտարարած է, որ երկիրը ամբողջովին պատրաստ է իր ամբողջ ուժով պատասխանելու որեւէ սպառնալիքի: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
«Իրան կը ձգտի շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման: Մեր բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան զսպման, արդիւնաւէտ պաշտպանութեան, կայուն անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան», ընդգծած է ան:
Պաղերի նշած է, որ Իրան ուղղակիօրէն պիտի չբանակցի, սակայն պատրաստ է անուղղակի կերպով վերսկսիլ Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական բանակցութիւնները:
«Իրանի հիւլէական նախկին բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներ եղած են ամէնէն զրպարտիչ եւ դաւաճան կողմը», յայտնած է ան:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կիրակի օր հաղորդած էր, թէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յորդորած է երկրի զինուած ուժերը բերել մարտական բարձր պատրաստութեան վիճակի` Թեհրանի հասցէին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններէն ետք:
Բացի ատկէ, Իրան նաեւ զգուշացուցած է Իրաքը, Քուէյթը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Թուրքիան եւ Պահրէյնը, որ Միացեալ Նահանգներու յարձակման որեւէ աջակցութիւն պիտի դիտարկուի իբրեւ թշնամական գործողութիւն Թեհրանի նկատմամբ, ինչ որ «լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ:


